Մնացորդաց
Հայերէնն ու թրքերէնը (գ)
Եթէ կարելի եղաւ պատուով թօթափել թրքերէն բառերու ահաւոր լուծը, եթէ կարելի է մտածել որ հայերէնի կցականութիւնը արդիւնք է իր սեփական ներունակութեան, ապա մենք կը թեւակոխենք լեզուական այլ ոլորտներ, ուր թրքական ազդեցութիւնը նոյնքան դիւրին չէ վանել եւ ուրանալ:
--Ստացական յօդեր
Գրաբարը ունէր ս, դ, ն յօդերը, որոնք ցուցական էին. ծառս-ծառդ-ծառն կը նշանակէին այս ծառը, այդ ծառը, այն ծառը: Աշխարհաբարի մէջ այս նոյն յօդերը դարձան ստացական, այսիինքն՝ սեփականութեան ցուցիչներ. ուրեմն՝ ծառս սկսաւ նշանակել ինծի պատկանող ծառը, այնպէս ալ ծառդ եւ ծառը: Ուր ն յօդը վերապահուեցաւ ձայնաւորով վերջացող բառերուն՝ գինի-գինին, սպի-սպին, իսկ բաղաձայնով աւարտող բառերուն համար յառաջացաւ ը տարբերակը. օրինակ՝
Ա՛ռ խուրջինը, տո՛ւր դանակը, խնձոր քաղեմ, տամ եարիս...
Արդ, մեր լեզուաբանները իմաստային այս ձեռքբերումը կը վերագրեն ազդեցութեանը թրքերէնին, որուն յօդերը միայն ստացականութիւն ցոյց կու տան՝ kitab.ım, kitab.ın, kitab.ı՝ գիրքս-գիրքդ-գիրքը:
Այլ հարց, թէ աշխարհաբարը պահեց անոնց ցուցականութիւնը. օրինակ՝
Օրերս քաղաքս կը ժամանէ մեծապատիւ Աբիսողոմ աղան:
Որ կը նշանակէ՝ այս օրերը, այս քաղաքը կը ժամանէ...
Անոնցմէ երկուքը՝ ն/ը դարձան աշխարհաբարի որոշիչ յօդերը, որոնցմէ զուրկ էր գրաբարը, զուրկ է թրքերէնը եւս:
--Գրաբարը երկու առարկաներ բաղդատելու համար երկրոդը կ’օժտէ քան նախադրութեամբ եւ զ նախդիրով. օրինակ՝
Պատիժ իմ մեծ է քան զմեղս իմ:
Ինծի տրուած պատիժը գործած մեղքէս մեծ է:
Աշխարհաբարը այս կաղապարը փոխարինեց բացառական հոլովով.
Պատիժս յանցանքէս մեծ է:
Բառացի նոյնը կ’ըսէ թրքերէնը՝
Cezam kabahatımdan büyük.
Այստեղ զանց կ’ընենք էն գերադրական՝ էն մեծը, էն լաւը, էն աղուորը, որ այնքան ալ ընդհանրացած չէ, յատկապէս գրական հայերէնի մէջ, եւ որ ընդօրինակութիւնն է թրքերէնի համանուն մակբային՝ en büyük, en iyisi, en güzeli:
Նմանապէս բացառականով՝ թրքերէնը կ’արտայայտէ կացութեան մը պատճառը. ճիշդ նոյնը կ’ընէ հայերէնը. օրինակ՝
O kaza benim dikatsizlikten dir.
Այդ փորձանքը իմ անուշադրութենէս է:
--Անկատար ներկայ եւ անցեալ
Որուն անդրադարձանք արդէն թրքերէնի yor ածանցի առթիւ եւ որուն կը համապատախանէր մեր կոր-ը՝ gidiyor-կ’երթայ կոր, sızlıyor-կը կսկծայ կոր:
Գրաբարը չունէր այս ժամանակը, աշխարհաբարը զայն ընդօրինակեց թրքերէնէն, որմէ զատ ոչ մէկ ուրիշ լեզու ունէր զայն մեր շուրջը: Հեռաւոր անգլերէնը ունէր, սակայն անգլերէնին հետ մեր շփումներէն շատ առաջ ան մտած էր խօսակցական,− եւ ոչ միայն,− հայերէնի մէջ:
Յետնորդներս զայն ուրացանք, սակայն փոխարէնը ոչինչ առաջարկեցինք:
--Պատմական բայեր
Հայերէնը իւրացուցած է բայի պատմական մէկ եղանակը, որ կ’արտայայտէ եղեր եղանակիչով, որ կ’աւելնայ սահմանականի բոլոր բայաձեւերու վրայ՝ կը տեսնէ եղեր, կը վազէի եղեր, պիտի բողոքէ եղեր եւ այլն. այսպիսիները կը մատնեն խօսողին որոշ վերապահութիւնը, երբեմն ալ հեգնանքն ու ծաղրը կիրարկուած բայի գործողութեան կամ անոր ենթակային հանդէպ:
«Կը տեսնէ եղեր» ըսողը այնքան ալ համոզուած չէ, որ տուեալ անձը իրօք կը տեսնէ: Ահա այս կառոյցը մաքուր թրքերէն է եւ կը համապատասխանէ imiş ձեւոյթին:
severimiş – կը սիրէ եղեր isterimiş – կ’ուզէ եղեր
--Թուական
Գրաբարի, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող բոլոր հին ու նոր բոլոր լեզուներուն մէջ մէկէն վեր թուականները կը պահանջեն յոգնակի որոշեալ. օրինակ՝ երկու ամք, հինգ պատառք, տասն մասունք եւ այլն: Միայն թրքերէնն է որ ասոնք եզակի կը կիրարկէ, այնպէս ալ հայերէնը. օրինակ՝
iki sene – երկու տարի beş lokma – հինգ պատառ on kısım – տասը մաս
--Նախադրութիւններ
Գրաբարը միայն նախադրութիւն ունէր. օրինակ՝ վասն մեր, յետ մահու, ի վերայ ծառին, ընդդէմ չարին եւ այլն: Իսկ թրքերէնը միայն յետադրութիւն ունի:
Աշխարհաբարը անոնց մեծ մասը վերածեց յետադրութեան. օրինակ՝ մեզի համար, մահէն ետք, ծառին վրայ եւ այլն: Անշուշտ քանի մը նախադրութիւններ քարշ կու տան իրենց գոյութիւնը, մասնաւորաբար գրաբարեան կաղապարով, ինչպէս՝ առանց, դէպի, զերդ, ի դէմս, ի հաշիւ, յանձին-յանձինս, ի փառս, իբրեւ, որպէս, յօգուտ, մինչեւ, նախքան, փոխանակ եւ այլն: Որոնց դիմաց ունինք յետադրութիւններու խիտ փաղանգ մը՝ անց, առթիւ, առջեւ, դէմ, դիմաց, զատ, համար, հանդերձ, հետ, մասին, մէջ, միջեւ, ներքեւ, նման, շուրջ, պէս, վերաբերմամբ, վերաբերեալ, վրայ, տակ, փոխարէն, օգտին, օրօք եւ այլն: Այս բեւեռացումը իր կարգին թրքերէնի հետեւանք է:
Արմենակ Եղիայեան