Շարահիւսութիւն
Դերբայներ եւ դերբայակերպներ (զ)
*** Բացառական հոլովը
Թրքերէնի մէջ բացառականը հեշտութեամբ կը դրուի բայական այլազան ձեւերու վրայ՝ ստանալու նորերը՝ այլազան նշանակութիւններով:
ա) okuduktan sonra
Ասոնց առաջինը բայի առաջին դէմք յոգնակիի անցեալ կատարեալն է, որուն կը կցուի tan հոլովական մասնիկը եւ կ’աւելնայ sonra “ետք” յետադրութիւնը. օրինակ՝
Kitabı okuduktan sonra bir tatlı uykuya daldım.
Գիրքը կարդալէ ետք մէկ անուշ քունի սուզուեցայ:
Okuduk-ը okumak “կարդալ ” բային անցեալ կատարեալի առաջին դէմք յոգնակին է, որ այստեղ դիմային ոչ մէկ յատկանիշ կը պահէ եւ որուն վրայ աւելցած է բացառական հոլովի tan/ten մասնիկը: Բոլոր դէմքերուն եւ թիւերուն համար հաւասարապէս կ’ըսենք okuduktan sonra, որուն դէմքն ու թիւը կը նոյնանայ դիմաւոր բայի դէմքով ու թիւով. այստեղ առաջին դէմքի եզակին է ան: Ամբողջութիւնը իբրեւ ժամանակի պարագայ կը ծառայէ դիմաւոր բային, մասամբ նաեւ իբրեւ դրդիչը անոր. արդարեւ՝ ե՞րբ սուզուեցայ,− կարդալէ ետք, կարելի է մտածել նաեւ՝ կարդալու հետեւանքով:
Նկատենք, որ հայերէն անորոշ դերբայով՝ կարդալէ, թարգմանեցինք, որովհետեւ թրքերէնի համարժէքը չունի կամ չ’ընդունիր հայերէնը:՝
Parkta dolaştıktan sonra eve dönmek istiyorum.
Պուրակին մէջ շրջելէ ետք տունին դառնալ կ’ուզեմ կոր:
Այս օրինակին մէջ եւս դերբային դէմքն ու թիւը կը նոյնանան դիմաւոր բայի դէմքով ու թիւով: Նաեւ՝
Emekli olduktan sonra, amucam çok uzun yaşamadı.
Հանգստեան կոչուելէ ետք հօրեղբայրս շատ երկար չապրեցաւ:
Կարծես թաքուն թելադրանք մը կայ, որ հօրեղբօր մահը հետեւանք էր հանգստութեան, անաշխատութեան:
Բացառուած չէ, որ դերբայն ու դիմաւոր բայը ոնենան տարբեր ենթականեր. օրինակ՝
Ben emekli olduktan sonra, deniz kıyısında bir köye yerleşeceğiz.
Ես հանգստեան կոչուելէ(ս) ետք ծովեզերեայ մէկ գիւղ(ի) պիտի հաստատուինք:
Tan-ը երկփոփոխ է. ձայնային ներդաշնակութիւն կը կազմէ զինք կանխող բայական ձայնաւորին հետ՝ u/a, ı/a եւ ունի ten տարբերակը. օրինակ՝ kaybettikten “կորսնցնելէ”: Իսկ tan/ten զոյգը այլուր dan/den է. օրինակ՝ ondan “անկէ”, benden “ինձմէ”:
բ) konuşmaktaն
Այս պարագային tan-ը, կցուած է ամբողջ անորոշ դերբային,− ինչ որ հազուագիւտ երեւոյթ է,− եւ ստացուած դերբայակերպը կը դառնայ դիմաւոր բայի պատճառի պարագան, մինչ դիմաւոր բայը ինք կ’ընկալուի իբրեւ հետեւանքը դերբայակերպին. օրինակ`
Konuşmaktan çenesi yoruldu.
Խօսելէն ծնօտը յոգնեցաւ:
Թրքերէնի այս բացառականը միմիայն պատճառ ցոյց կու տայ. եւ այս պարագային հայերէնը հարազատօրէն պատճէնուած է թրքերէնի վրայ եւ իր կարգին պատճառ ցոյց կու տայ:
Յառաջացած մակաբայակերպները դիմային որեւէ յատկանիշ չունին. անոնց դէմքը կ’որոշուի դիմաւոր բայի հետեւողութեամբ:
Ունի ten տարբերակը եւս՝ gitmekten “երթալէն”, düşünmekten “մտանջուելէն”:
Düşünmekten uykusunu kaybetti.
Մտատանջուելէն քունը կորսնցուց:
գ) olmak için
Բերուած կառոյցներու անորոշ դերբայի tan/ten բաղադրիչը փոխարինելով için “համար” յետադրութեամբ՝ պատճառի պարագան կը վերածենք նպատակի պարագայի, ըսենք՝ բոլոր լեզուներուն պէս. օրինակ՝
Mutlu olmak için hiçbir şeyiniz eksik değil.
Երջանիկ ըլլալու համար ոչ մէկ բաննիդ պակաս չէ:
Memnun olmanız için daha ne yapabilirim.
Գոհ ըլլալնուդ համար դեռ ի՞նչ կրնամ ընել:
Sağlığınız saklamak için süt için.
Առողջութիւննիդ պահպանելու համար կաթ խմեցէք:
Ինչ-որ հաստատութիւն մը փորձած է բառախաղ ընել՝ շահարկելով için բառի զոյգ նշանակութիւնները. առաջինը կը նշանակէ «համար», իսկ երկրորդը içmek “խմել” բայի հրամայականն է՝ բ. դէմք յոգնակի:
* * *
Թրքական ասոյթ
Üveye etme özünde bulursun,
Geline etme kızında bulursun.
Խորթը մի՛ նեղեր` հարազատէդ կը գտնես,
Հարսը մի՛ նեղեր` աղջիկէդ կը գտնես:
Արմենակ Եղիայեան