Շարահիւսութիւն
Դերբայներ եւ դերբայակերպներ (ե)
--bakar bakmaz
Ստուգաբանութեամբ՝ նայիլ բայի եզակի երրորդ դէմքի դրականի ու ժխտականի զուգադրումն է, որ իբրեւ դերբայակերպ դիմազուրկ է. բոլոր դէմքերը հաւասարապէս կ’ըսեն նոյնը: Բառացի կը նշանակէ նայեցաւ-չնայեցաւ, եւ մեզմէ շատեր, որոնք թրքերէնի իմացութիւնը ունին, ճիշդ այսպէս ալ կը թարգմանեն, մինչ իր ոճը խնամողը, որ մանաւանդ թրքերէնի ազդեցութեան տակ չէ, կ’ընտրէ աւելի նուիրականացած նայած-չնայած կառոյցը, որ կը նշանակէ հազիւ նայած, առանց ժամանակ կորսնցնելու, իսկոյն:
Bakar bakmaz tanıdım onu.
Նայած-չնայած ճանչցայ զայն:
Bakar kakmaz tanıdı beni.
Նայած-չնայած ճանչցաւ զիս:
Այս երկու կառոյցներուն մէջ, ուրեմն, նայած-չնայած դերբաը եւ դիմաւոր բայը ենթադրուած են ունենալ նոյն դէմքն ու ենթական:
Կը պատահի, որ դերբայը ունենայ իր սեփական ենթական, որ տարբեր է դիմաւոր բայի ենթակայէն. օրինակ՝
Öğretmen dersliğe girer girmez öğrenciler ayağa kalktılar.
Դասատուն դասարան մտած-չմտած աշակերտները ոտքի ելան:
Կը պատահի նաեւ որ դերբայը ինք օժտուած ըլլայ ենթակայով, որ կը վերաբերի նաեւ դիմաւոր բային:
Öğretmen dersliğe girer girmez derse başlıyor.
Դասատուն դասարան մտած-չմտած դասի կը սկսի կոր:
Դերբայական զոյգ ածանցները՝ -ar եւ -maz, որոնք այստեղ պատահաբար օժտուած են նոյն ձայնաւորով, ենթակայ են ներդաշնակութեան բարդ կանոնին եւ անկախաբար իրարմէ, այսինքն՝ կրնան նաեւ նոյն ձայնաւորը չունենալ. օրինակ՝
alır almaz (ı-a) olur olmaz (u-a) düşer dümez (e-e) verir vermez (i-e)
* * *
Թրքերէնը օժտուած է զուգադիր այլ դերբայակերպներով:
Տեսնենք անոնցմէ մէկ քանին:
--baka baka
Բառացի՝ նայելով-նայելով:
Կազմուած է բայարմատէն bak եւ a ածանցէն. ունի e տարբերակը եւս. օրինակ՝ seve seve “սիրելով սիրելով”:
Ցոյց կու տայ երկարաձգուող գործողութիւն կամ այնպիսի գործողութիւն, որ կը կրկնուի աննշան ընդմիջումներով, որոնց կ’ընկերանան ոճաբանական զանազան երանգներ. օրինակ՝
Gözüme baka baka yalan söylüyorsun.
Աչքիս նայելով-նայելով սուտ կը խօսիս կոր:
Ունի յամառութեան եrանգ մը:
Bu görevi seve seve kabul ediyorum.
Այս պարտականութիւնը սիրելով-սիրելով կ’ընդունիմ կոր:
Այսինքն՝ ի սրտէ, կամովին:
Ana kuzusunu yana yana ariyor.
Մայր(ը) գառնուկը այրելով-այրելով կը փնտռէ կոր:
Տենդագին, խելակորոյս:
Այս ծիրէն ներս կրնան կիրարկուիլ նաեւ նոյն բային երկու հոմանիշները. օրինակ՝ yanmak yakılmak “այրիլ-բոցավառիլ”:
Ondan yana yakıla yardım istedi.
Անկէ այրելով-բոցավառելով օգնութիւն ուզեց:
Ցոյց կու տայ խնդրարկուին ծայրայեղ խեղճութիւնը:
Բացառուած չէ երկու հականիշներու զուգադրումը. օրինակ՝ duşe kalka “իյնալով-ելլելով”. օրինակ՝
Çocuk duşe kalka böyür.
Մանուկը իյնալով-ելլելով (կանգնելով) կը մեծնայ:
Փորձառութիւն ձեռք բերելով, դժուրաթեամբ սորվելով:
Gule ağlaya geçti bütün hayatım.
Խնդալով-լալով անցաւ ամբողջ կեանքս:
Դառնութեան երանգ, ինքնակարեկցանք:
Հանրածանօթ է güle güle “խնդալով-խնդալով” ասոյթը, որ յաջող մեկնարկի կամ պարզապէս յաջողութեան մաղթանք է.
Güle güle giyesin bu elbiseyi.
Խնդալով-խնդալով հագնիս այս զգեստը:
Güle güle kavuşasın sevgililerine.
Խնդալով-խնդալով հանդիպիս սիրելիներուդ:
Թրքական ասոյթ մը
Gitti gül, gitti bülbül,
Ister ağla, ister gül.
Գնաց վարդը, պլպուլը գնաց,
Ուզես խնդա, ուզես լա՛ց: