Շարահիւսութիւն
Դերբայներ եւ դերբայակերպներ (դ)
--diğimden
Աւելնալով բայարմատին վրայ՝ կը կազմէ մակբայակերպ մը, որ ցոյց կու տայ գլխաւորին կամ դիմաւոր բային գործողութեան պատճառը. օրինակ՝
Seni çok sevdiğimden vazgeçemeyorum[1] senden.
Քեզ շատ սիրելէս չեմ կրնար կոր հրաժարիլ քեզմէ:
Որ կը նշանակէ՝ քեզ շատ սիրելուս պատճառով չեմ կրնար կոր...
Հայերէնի մէջ բացառականի պատճառականութեան իմաստը յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ՝ ի նմանութիւն թրքերէնի, եւ շատ լայն տարածում ունի. օրինակ՝ Վախէս սկսայ դողալ:
Ցուրտէն ակռաները կը կափկափէր:
Ամօթէն քար կտրեցաւ:
Գրաբարի բացառականը այս յատկութիւնը չունէր. նոյնը տրականով եւ առ նախդիրով կը ստանար ան.
--Նա փախեաւ առ երկիւղի “ան վախէն փախաւ”:
--Նոքա առ տխմարութեան կարծեցին “անոնք տխմարութիւննէն կարծեցին”:
Գրաբարը որեւէ յօդ չէ գործածած, մինչդեռ աշխարհաբարը դիմորոշ յօդով օժտած է եզակի վախէն-ը եւ զոյգ՝ դիմորոշ եւ որոշիչ յօդերով օժտած է տխմարութիւննէն-ը. երկուքն ալ տառացի պատճէնուած են թրքերէնին վրայ:
Այս մակբայակերպին կառոյցը բաւական բարդ է:
***sev.di- sevmek “սիրել” բայի կատարեալի բունն է՝ sevdim-sevdin-sevdi, որը միաժամանակ կը համապատասխանէ եզակի երրորդ դէմքին:
***sev.diğ.im- կը նշանակէ սիրածս. ստացականութիւնը արտայայտող ձեւոյթն է im-ը, որ յաջորդաբար պիտի տայ՝
sev.diğ.im sev.diğ.in sev.diğ.i sev.diğ.imiz sev.diğ.iniz sev.dik.ler.i
սիրածս սիրածդ սիրածը սիրածնիս սիրածնիդ սիրածնին
Առաջին հինգին մէջ երեւցող ğ բաղաձայնը ձայնակապ է. յոգնակի գ. դէմքին ան կը վերածուի k-ի:
Այս կառոյցին վրայ կ’աւելնայ բացառականի den մասնիկը.
sev.diğ.im.den sev.diğ.in.den sev.diğ.in.den
սիրելէս սիրելէդ սիրելէն...
Նկատել, որ եզակի բ. դէմքն ու գ. դէմքը կը նոյնանան. ասոնց դէմքերը կը ճշդուին շնորհիւ դիմաւոր բայի ունեցած դէմքին:
Diğim ձեւոյթը քառափոփոխ է, իսկ den-ը երկփոփոխ. օրինակներ՝
kaç.dığ.ım.dan ver.diğ.im.den dur.du.ğum.dan dön.düğ.üm.den
փախչելէս տալէս կենալէս դառնալէս
--diğimde
Նախորդէն կը տարբերի բառավերջի n-ով: Ասով ստացուած դերբայական կառոյցը ունի ճիշդ նախորդի կաղապարը՝ սա տարբերութեամբ, որ պատճառի փոխարէն ցոյց կու տայ դիմաւոր բայի գործողութեան կատարման ժամանակը. օրինակ՝
Akşam eve geldiğimde çalışıyordu.
Գիշեր(ը) տունին գալուս[2] կ’աշխատէր կոր:
***geldim-geldin-geldi. եկայ-եկար-եկաւ:
***geldiğ.im.գալս. ğ ձայնակապ է, իսկ im առաջին դէմքի ստացական մասնիկն է:
***geldiğ.im.de.գալուս, երբ ես եկայ. այստեղ երեւցող de մասնիկը ներգոյական հոլովինն է՝ «ի գալն իմում»:
Մենք գիտենք, որ diğim քառափոփոխ է, իսկ de երկփոփոխ:
kaç.dığımda gir.diğimde fur.duğumda dök.düğümde
ի փախչելն իմում ի մտանելն իմում ի զարկանելն իմում ի թափելն իմում
Այս պարագային եւս եզակի բ. եւ գ. դէմքերը կը նոյնանան, ինչպէս նախորդին էր.
kaç.dığımda kaç.dığında kaç.dığında
ի փախչելն իմում ի փախչելն քում ի փախչելն իւրում
--mi
Պէտք չէ շփոթել այս քառափոփոխ mi-ն (mi, mı, mu, mü) հարցական mi անփոփոխ բառով, որուն նախապէս հանդիպեցանք. օրինակ՝ geldin mi “եկա՞ր մը”...
Այս mi-ն, դրուելով անցեալ կատարեալի դիմաւոր ձեւերուն վրայ, կը պայմանաւորէ դիմաւոր բայի գործողութեան ի կատար ածումը. օրինակ՝
Geldi mi çalışmaya başlar.
Մէյ մը (որ) եկաւ աշխատելու կը սկսի:
Aldı mı bir de vermez.
Մէյ մը (որ) առաւ ա՛լ չի տար:
Արմենակ Եղիայեան
[1] Այս մէկ բայը հարազատօրէն թարգմանելու համար չորս ձեւոյթ կիրարկեցինք հայերէն:
[2] Եկած ժամանակս, ի գալն իմում: