Թրքերէնի բայական համակարգը
1.Սաստկական դերանուն
Թրքերէնի դերանուններու ցանկը ամբողջացնելու համար պարտինք տեսնել kendi “ինք” բառը, որ առանձնայատուկ է, ինչպէս թրքերէնին, այնպէս ալ հայերէնին՝ գրաբար թէ աշխարհաբար:
Ուրեմն օ “ան” սովորական դերանունին կողքին թրքերէնը ունի նաեւ kendi, իսկ հայերէնը՝ պատմականօրէն ունեցած է եւ ունի ինք:
Այս դերանունները կը կոչուին սաստկական՝ assévératif-asseverative, այն պատճառով, որ դրուելով այլ դերանուններու կամ գոյականներու վրայ կը ծառայեն շեշտելու անոնց նշանակութիւնը կամ աւելի ճիշդը՝ ինքնութիւնը:
Օրինակ՝
--Ան տուաւ այս լուրը: --Ինք տուաւ այս լուրը:
--Թորոսը տուաւ այս լուրը: --Թորոսը ինք տուաւ այս լուրը:
Նկատելի է, անշուշտ, որ ինք-ը առանձին կամ գոյականի մը վրայ դրուած անհամեմատօրէն աւելի կը շեշտէ, կը սաստկացնէ ենթակային դերակատարութիւնը տուաւ բայի գործողութեան մէջ:
Ինչպէս գոյակններու, այնպէս ալ անձնական դերանուններու վրայ դրուելով՝ ան կը կազմէ նախադասութեան «բաղադրեալ» անդամներ՝ ենթակայի եւ խնդիրի պաշտօններով:
* * *
Հայերէնի ինք(ն) դերանունի՝ իբրեւ սաստկականի, կիրարկութիւնը առանձին եւ իբրեւ յաւելադիր այլ դերանուններու եւ գոյականներու կից արդէն վաղուց հաստատուած էր հինգերորդ դար հասնելէ շատ առաջ:
Իր կանոնաւոր հոլովումով՝ եզակի եւ յոգնակի՝
ինքն-զինքն-ինքեան-ինքեան-յինքենէ-ինքեամբ-յինքեան
ինքեանք-զինքեանս-ինքեանց-ինքեանց-ինքեամբք-յինքեանս
Բաղադրեալ տարբերակը՝ ես ինքն-դու ինքն...մեք ինքն-դուք ինքն...
Նոյն նպատակով կը կիրրակուին՝ ես ինքնին-դուք ինքնին եւայլն:
Սաստկական իմաստով կը կիրարկուէին տակաւին այլ տարբերակներ, ինչպէս՝ ես ինձէն-դու քեզէն-մեք մեզէն(եւ մեզոյն)-դուք ձեզէն (եւ ձեզոյն) եւ այլն:
Յատկանշական է, որ գիր-գրականութենէ զուրկ հայերէնը հարկ տեսած է իր անձնական դերանուններու լրիւ շարքին կից հնարել նաեւ սաստկական այլազան տարբերակներ, ինչ որ խորապէս կազմակերպ լեզուի առհաւատչեան է:
Անշուշտ շատ հետարքական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ի՛նչ կացութիւն կը տիրէր գրաբարի ժամանակակից լեզուներու մէջ. այդ տուեալները կը պակսին ինծի, ծանօթ եմ միայն լատիներէնի պարագային. Կեսարներու եւ Կիկերոններու փարթամ լեզուն երրորդ դէմքի դերանուն չունէր, այո, կարելի է զարմանալ, սակայն այս այսպէս էր. ունէր քանի մը հոլովները անդրադարձ դերանունի՝ հայց. se սեռակ. sui տրակ. sibi բաց. se:
որոնց կ’անդրադառնանք իր տեղին:
Աշխարհաբարը իր կարգին, թրքերէնի զուգահեռ, նոր թափ, լիցք եւ ուժգնութիւն տուաւ գրաբարի ժառանգին:
* * *
Ուրեմն թրքերէնի սաստկականի սկզբնաձեւն է kendi, հետեւեալ յարացոյցով.
kendim kendin kendi(si) kendimiz kendiniz kendiler
ինքս ինքդ ինք(ը) ինքներս ինքներդ ինքները
Համապատասխանութիւնը ամբողջական է:
Երկու լեզուներն ալ իրենց յոգնակի երրորդ դէմքը կազմած են անուանական յոգնականացուցիչ մասնիկով՝ ler/եր(ը):
Ասոնք հաւասարապէս կը դրուին անձնական դերանուններուն վրայ, ինչպէս՝
ben kendim... եւ այլն ես ինքս... եւ այլն
Թրքերէնը կը յաջողի հոլովել իր սաստկականները` առանձին կամ բաղադրեալ.
Ուղղակ. (ben) kendim (ես) ինքս
Հայց. (ben) kendimi (ես) ինքզինքս
Սեռ. (ben) kendimin (ես) իմ
Տրակ. (ben) kendime (ես) ինծի
Բաց. (ben) kendimden (ես) ինձմէ
Գործիական (ben) kendimle (ես) ինձմով
Ներգոյական (ben) kendimde (ես) յիս
Այսպէս հոլովոուելով՝ այս դերանունները նոր իմաստ ձեռք կը բերեն.
Ուղղականը կը համապատասխանէ մեր (ես) ինքս-ին, որ կը պահէ իր սաստկականութիւնը երկուքին մէջ ալ.
ben kendim söyledim = ես ի՛նքս ըսի
Յաջորդ հոլովը՝ հայցականը, արդէն կը վերածուի անդրադարձ դերանունի՝
ben kendimi teslim ettim = ես ինքզինքս մատնեցի
Ինքզինքս անդրադարձ դեարնուն է, այնպիսին, ուր ենթակային կատարած գործողութիւնը կ’անդրադառնայ նոյն ենթակային վրայ. մատնողը եւ մատնուողը նոյն առարկան է:
Թրքերէնը ազատօրէն կրնայ շարունակել հոլովումը, հայերէնը չի կրնար հայցականէն անդին երթալ. թոյլատրելի չէ ըսել՝ ինքզինքիս- ինքզինքէս-ինքզինքովս...ասոնք այլեւս ընդունելի ձեւեր չեն, այլ հարց, թէ բոլորս փորձուած ենք կիրարկելու զանոնք, եւ շատեր կը շարունակեն կիրարկել: Փոխարէնը կը դիմենք ես դերանունի հոլովներուն՝ իմ-ինծի-ինձմէ-ինձմով. իսկ ներգոյականը չունինք արդէն:
Թրքերէնը կը յաջողի kendi դերանունը իր սաստկական նշանակութեամբ կիրարկել ածականաբար եւս, ուր ան սեփական, հարազատ (prorpe-même, very) նշանակութիւնը ունի . օրինակ
kendi vatanım-սեփական հայրենիքս-ma propre patrie
kendi evi- (իր) սեփական տունը-sa prorpe maison
kendi başınıza-(դուք) ձեր գլխուն-vos propres moyens
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com