image

Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տունը. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տունը. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ մարդիկ, որոնք լքած են Լեռնային Ղարաբաղը, իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուները. այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը:

Պատասխանելով Արցախի ապագայի հաւանական հեռանկարի վերաբերեալ հարցին՝ խօսնակն ըսած է.«Ես ուղղակի կ՚ըսեմ այն, ինչ նախապէս ըսած եմ... Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին վերադառնալու տուն, եթէ կ՚ուզեն, եւ այդ իրաւունքը պէտք է պահպանուի»: