image

«Լաւատես եմ Հայաստանի ապագայի առումով».Վարդան Նազիրեան

 «Լաւատես եմ Հայաստանի ապագայի  առումով».Վարդան Նազիրեան

Օրերս Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ «Ռամկավար ազատական Կուսակցութեան կազմաւորումն ու գործունէութիւնը 1915-1951 թուականներուն» արժէքաւոր աշխատութիւնը։

 Գրքի հովանաւոր ՌԱԿ-էն ներս պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած՝ Վարդան Նազիրեան  հատորին եւ ներկայ պահու հայաստանեան իրականութեան մասին խօսած է մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ին։ 

Նիւթի շահեկանութեան համար զայն կը հրապարակենք՝ ամբողջութեամբ։

 

 

Ազգային, հասարակական գործիչ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարերար, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պարգեւի՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի»ի շքանշանակիր Վարդան Նազիրեան նշեց, որ երբ իրեն ներկայացուած է նման գիրք մը հովանաւորելու գաղափարը, ինք համաձայնած է, նկատի ունենալով փաստաթուղթերուն թէ՛ պատմական, թէ՛ արդիական նշանակութիւնը. «Այս հրատարակութեան բուն նպատակն է արխիւները լոյսի տակ դնելով սերտել եւ արխիւներէն կարեւորագոյն դասեր քաղել: Գիտենք, որ պատմութիւնը կը կրկնուի, մեր կուսակցութեան պատմութիւնն ալ կը կրկնուի: Այսօր բաժնուած վիճակի մէջ է մեր կուսակցութիւնը. յուսամ այս գիրքը, այս փաստաթուղթերը սերտելով մեր կուսակցականները ամէն ինչ կ՚ընեն՝ առաջ նայելու եւ կուսակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:

 

«Այսօր մեր ազգին առջեւ անվտանգութեան խնդիրներ կան եւ մեր կուսակցութիւնը այս վիճակին մէջ ի զօրու չէ նպաստելու այդ հարցերուն, բայց յուսանք, մի քանի տարուան ընթացքին կը վերակազմաւորուինք հայրենիքի մէջ, սփիւռքը իր աշխատանքը կը կատարէ, հայրենիքի կառոյցն ալ իր աշխատանքը կը կատարէ եւ այդպէս կը զօրանանք: Առանց պայքարի չկայ յաջողութիւն, պայքարինք եւ հայրենիքի ապագան միշտ լաւատեսութեամբ տեսնենք: Ես լաւատես եմ Հայաստանի ապագային առումով», մեզի ըսաւ Վարդան Նազիրեան, որ հոկտեմբերի սկզբին Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի նախագահի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նաեւ «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանով: