image

Լարուած մթնոլորտ Մայր Աթոռի մէջ. ԱԱԾ իրաւապահ մարմիններ կը գտնուին Մայր Աթոռի շրջաբակէն ներս

Լարուած մթնոլորտ Մայր Աթոռի մէջ. ԱԱԾ իրաւապահ մարմիններ կը գտնուին Մայր Աթոռի շրջաբակէն ներս

Լարուած իրավիճակ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները եւ ոստիկանները մտած են Մայր Աթոռի տարածք, ուր կը գտնուի նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։

Իրաւապահներու գործողութիւնները կապուած են արքեպիսկոպոս Աջապահեանի դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի հետ։ Աւելի վաղ այսօր խուզարկութիւն տեղի ունեցած էր անոր բնակութեան վայրի՝ Գիւմրիի մէջ։

Հոգեւորականները յայտնած են, որ անոնք թոյլ պիտի չտան, որ ԱԱԾ աշխատակիցները Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը բերման ենթարկեն։ Անոնք կը կարծեն, որ արքեպիսկոպոսի դէմ սկսած քրէական վարոյթը կեղծ է։

«Եկել են իմ ետեւից, կը գնամ»,- յայտարարած է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։ 

«Ես ոչ մի տեղ չեմ թաքնուել եւ հիմա էլ չեմ պատրաստւում թաքնուել։ Տեղի ունեցողն ապօրինութիւն է։ Ես սպառնալիք չեմ այս երկրի համար, սպառնալիքը կառավարութիւնում նստած է։ Բայց այն մարդիկ, ովքեր կատարում են այդ խելագարի կամքը, սպառնում են բռնութեամբ, ես գնում եմ նրանց հետ, ու հոգեւորականները կը հետեւեն ինձ»,– ըսած է Աջապահեանը։

Իրավիճակին տեւոյն վրայ հետեւող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն յայտնած է, որ արքեպիսկոպոսը պիտի մեկնի իրաւապահներու հետ՝ փաստաբանի ուղեկցութեամբ, իսկ միւս հոգեւորականները պիտի հաւաքուին Վեհարանին մէջ։

«Մենք կը հաւաքուենք ու եզրայանգումը կ՚անենք մեր հետագայ գործողութիւնների։ Մենք բոլորս ամէն ջանք ենք ներդնելու, որ արդարութիւնը վերականգնուի»,-ըսած է կաթողիկոսը։