image

Լարուած իրավիճակ Գեղարքունիքի մէջ

Լարուած  իրավիճակ  Գեղարքունիքի մէջ

Այսօր` Յունուար 24-ին, լարուած իրավիճած ստեղծուած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ծովագիւղ եւ Սեմյոնովքա գիւղերու  բնակիչները` ի նշան բողոքի, փակած են Երեւան-Սեւան-Իջեւան ճանապարհի Ծովագիւղի վարչական տարածքի գլխաւոր ճանապարհը եւ պահանջած են, որ կառավարութիւնը չեղեալ յայտարարէ խոշորացման մասին որոշումը:

Ճանապարհի փակման հետեւանքով խցանումը հասած է  1-1,5 քիլոմեթրի: Այս պահուն գիւղացիներու հետ կը բանակցին ոստիկանութեան Սեւանի բաժնի պետ Սուրիկ Ճանիկեանը եւ ոստիկանութեան Սեւանի բաժնի ծառայութեան գծով տեղակալ Ղազար Դաւթեանը: