Վերին Լարսի անցակէտին մէջ հերթերու խնդիրին լուծում տալու նպատակով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է լրացուցիչ կէտ տեղադրել գործող մաքսակէտէն քիչ հեռաւորութեան վրայ, որ օրուայ ընթացքին 170-200 ինքնաշարժ կրնայ սպասարկել, որոշակի արտօնութիւն պիտի ըլլայ ԵԱՏՄ երկիրներու բեռնատարներուն համար: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ ըսաւ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան` պատասխանելով ՔՊ-էն Խաչատուր Սուքիասեանի` Լարսի անցակէտին մէջ հերթերու խնդիրին վերաբերեալ հարցին:
Գնէլ Սանոսեանը նկատեց, որ սրուած հարց է` հաշուի առնելով, որ այս եղանակին միրգ-բանջարեղէնի արտահանման հարց կայ: «Խնդիրը բաւականին առարկայական է` հաշուի առնելով, որ Սեւ ծովում նաւով շատ բեռների տեղափոխում փոխադրուել է ցամաք, ինչի հետեւանքով Լարսում առաջացել է այս խնդիրը: Եւ ակնյայտ է, որ բոլոր գործընկերները բաւականին ջանքեր են գործադրում այս իրավիճակից դուրս գալու ուղղութեամբ», ըսաւ նախարարը:
Ան ընդգծեց, որ այն հանգամանքը, որ անցակէտի թողունակութիւնը օրական 400 է, բայց կը սպասարկէ 700 ինքնաշարժ, շատ բանի մասին կը խօսի:
Սանոսեան յայտնեց, որ ռուս եւ վրացի գործընկերներու հետ բազմաթիւ քննարկումներ ունեցած են` վիճակն աւելի բարելաւելու ուղղութեամբ: «Եւ հետեւեալ պայմանաւորուածութիւնն ունենք` մօտ ժամանակներս ՌԴ կառավարութեան համապատասխան որոշմամբ լրացուցիչ կէտ կը տեղադրուի այսօր գործող մաքսակէտից քիչ հեռաւորութեան վրայ, որն օրուայ ընթացքում 170-200 ինքնաշարժ կարող է սպասարկել, որոշակի արտօնութիւն կը լինի ԵԱՏՄ երկրների համար: Արտօնութիւնը շատ աւելի մեծ է ԵԱՏՄ երկրների համար, մասնաւորապէս մեզ համար», ըսաւ Սանոսեան: