Հայ-իրանական սահմանին՝ Իրանի «Նորտուզ» անցակէտով քաղաքացիներու անցումը վերականգնուած է։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած են Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն։
Մարտ 4-ին ժամը 04:00-էն ժամանակաւորապէս դադրեցուած էր քաղաքացիներու անցումը հայ-իրանական սահմանով՝ իրանական կողմի մէջ համացանցային կապի խափանման պատճառով։
«Խնդիրը լուծուած է, քաղաքացիներու անցումը վերականգնուած է»,- յայտնած են գլխաւոր հիւպատոսութենէն։
Ներկայիս ձեւակերպումն ու գրանցումը որոշ չափով դանդաղ կ՚իրականացուին, քանի որ համացանցի խափանման պատճառով գործընթացը կը կատարուի ձեռքով։