Այս տարի հասցուցած էինք արտահանել 100 թոն ծիրան, սակայն նախօրէին մեր 30 թոն բերքը տանող երկու իքնքաշարժները կանգնեցուցին են վրացական սահմանը անցնելէ յետոյ: Այս մասին ըսաւ «Ակրոթորկ» ընկերութեան տնօրէն Վատիմ Կորտիենքօն:
«Մեր բեռը արդէն անցած էր Վրաստանի սահմանը, պէտք է հասնէր Ռուսիա, բայց երէկ` օրուայ երկրորդ կէսին, կանգնեցուցին մեր երկու բեռնատար ինքնաշարժները, որոնց մէջ ընդհանուր առմամբ կար 30 թոն ծիրան: Այս տարի արդէն 100 թոնէ աւելի արտահանած էինք, սակայն այժմ ստիպուած ենք կանգնեցնել բերքահաւաքը, որ հիմա կ'ընթանար: Կապի մէջ ենք մեր միւս գործընկերներուն հետ, եւ այս խնդիրը համատարած է», նշեց Կորտիենքօն:
Արտահանող ընկերութեան տնօրէնին խօսքով` եթէ խնդիրը 3-4 օրուան մէջ լուծում ստանայ, բեռնատար ինքնաշարժերը կրնան սպասել, սակայն եթէ խնդիրին լուծումը ձգձգուի, ապա պէտք է ստիպուած ըլլալ ետ բերել բերքը եւ չիր պատրաստել:
Վատիմ Կորտիենքոյի խօսքով` իրենք արդէն վնասներ կրած են, քանի որ տեղւոյն վրայ կը վճարեն գիւղացիներուն ձեռք բերուած բերքի համար, յետվճարային համակարգ չի գործեր: