image

Լաչինի անցքը կը մնայ փակուած

Լաչինի անցքը կը մնայ փակուած

Ժամը 11.00-ի դրութեամբ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել: Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ Ներքին գործոց նախարարութիւնը, հասարակական կարգի եւ ներքին անվտանգութեան պատշաճ ապահովման նպատակով, մայրաքաղաքին եւ շրջաններու մէջ ծառայութիւն կ'իրականացնէ ուժեղացած ռեժիմով։

Յետադարձ կապ` 102, 911։