image

"Կը ձեռնարկուին քայլեր"․ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Նշանեանը Թուրքիոյ արտայանձնելու մասին

"Կը ձեռնարկուին քայլեր"․ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Նշանեանը Թուրքիոյ արտայանձնելու մասին

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը անդրադարձած է պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը Թուրքիոյ արտայանձնելու տեղեկատուութեան։

«Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը տեղեակ է պոլսահայ մտաւորական, ՀՀ քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալուած գործընթացէն եւ կը ձեռնարկէ բոլոր հնարաւոր քայլերը խնդիրը կարգաւորելու նպատակով», ըսուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ։

Ան ապաստան գտած էր Յունաստանի մէջ հինգ տարի առաջ՝  փախուստի դիմելով թրքական բանտէն։