image
Հրատապ լուրեր:

Կովկասի մէջ հազուագիւտ ընձառիւծի երեւումը Խոսրովի անտառին մէջ (Տեսանիւթ)

Կովկասի մէջ հազուագիւտ ընձառիւծի երեւումը Խոսրովի անտառին մէջ (Տեսանիւթ)

«Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց» ՊՈԱԿ-ի եւ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի հետ համատեղ իրականացուող մշտադիտարկման աշխատանքներու շնորհիւ արգելոցի նկարող-թակարդները կրկին նկարահանած են կովկասեան ընձառիւծը:

Ընձառիւծը Հայաստանի կենդանական աշխարհի ամենատպաւորիչ եւ կովկասեան էքօ-տարածաշրջանի ամենավտանգուած կենդանատեսակներէն մէկն է:

ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ ներկայիս կովկասեան ընձառիւծը, ընդգրկուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ եւ Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակին մէջ:

Ընձառիւծին կարելի է հանդիպիլ հետեւեալ վայրերուն մէջ`

Լայնատերեւ անտառներուն եւ նոսրանտառներուն մէջ

Լեռնային տափաստաններուն մէջ

Մերձալպեան մարգագետիններուն մէջ

Ալպեան մարգագետիններուն մէջ»: