Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը խոցած է իսրայէլեան երկու կործանիչ:
Այս մասին յայտնած է իրանեան Tasnim լրատուական գործակալութիւնը։
Ըստ այդմ՝ գերի ինկած է օդանաւերէն մէկու կին օդաչուն։
Միեւնոյն ժամանակ, Fars գործակալութիւնը նշած է, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են իսրայէլեան քանի մը ռազմական ինքնաթիռ, այդ շարքին՝ երկու F-35 կործանիչ։