image

Կիպրացի գործիչը բացայայտ կերպով քննադատած է Անգարայի քայլերը

 Կիպրացի  գործիչը   բացայայտ կերպով քննադատած է Անգարայի քայլերը

 Կիպրոսի   ՀՅԴ  Հայ  Դատի  մարմնի   դիմատետրի էջէն  կը  կարդանք ՝

Կիպրոսի Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու յայտնեց, թէ Թուրքիա յանդուգն դարձած է, եւ գործելով, օրինականութեան եւ եւրոպական սկզբունքներու ծիրէն դուրս, այլեւս կանոնաւոր կերպով եւ բացէիբաց կ'իրագործէ իր ծրագիրները, նպատակ ունենալով կղզիի բաժանումը եւ Կիպրոսի մէջ թրքական նահանգի մը ստեղծումը։

Ան մեղադրեց Անգարային, որ կը շարունակէ իր ապօրինի գործունէութիւնը, ստեղծելով նոր կատարուած իրողութիւններ Ֆամակուստայի փակ շրջանէն ներս, յայտնի նպատակ ունենալով անոր լրիւ վերաբնակեցումը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ կիպրական Տնտեսական Առանձնաշնորհեալ Գօտիէն ներս կատարուող թրքական արկածախնդրութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ կղզիի գրաւեալ բաժինի վարչակարգի որոշումին, որ գրաւեալ Ռիզոկարպասոյի լայն տարածաւութիւն մը զինուորական գօտիի վերածէ։

Կիրակի օր, Պարալիմնի-ի մէջ, ԷՕՔԱ-ի մարտիկներու Ազգային Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, տիկին Տիմիթրիու շեշտեց, թէ հեռու մնալով ներքին հակամարտութիւններէ, պէտք է շարունակուին արդար եւ յարատեւող լուծումի մը յանգելու ջանքերը։ Լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ Միացեալ Ազգերու բանաձեւերու եւ Եւրոպական սկզբունքներու եւ արժէքներու վրայ։