image

Խուսափիլ բացասականէն

Խուսափիլ բացասականէն

Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը տեսնեմ «բացասական մարդոցմէ հեռացէ՛ք» առաջարկը։ Արդեօք սա լա՞ւ խորհուրդ մըն է։

Գերմանացի փիլիսոփայ Թէոտոր Ատորնոյի համաձայն՝ դրամատիրութիւնը կ՚արտադրէ տարատեսակ բնաւորութիւն եւ ոճ՝ այնքան, որքան գործարաններու արտադրուող տարատեսակ ապրանքներ։ Մարդոց բնաւորութեան եւ կեանքի փիլիսոփայութեան ուղղութիւն տալը դրամատիրութեան հիմնական նպատակն է։ «Գովազդներու մէջ իւրաքանչիւր ապրանքի երջանիկ մթնոլորտի մէջ ծանուցումը՝ ձեւով մը կը ցուցնէ կարօտը ընկերականութեան նկատմամբ, ինչ որ խլուած է պաստառի դիմաց գտնուողներու ձեռքերէն», կ՚ըսէ Ատորնօ։ Ըստ իրեն՝ յարաբերութիւններու ստեղծման ամենաարդիւնաւէտ սարքն է հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը ու մանաւանդ՝ համացանցը։

Դրամատիրական համակարգի ամենամեծ վախն է՝ բանուորի դասակարգի աշխատանքային ժամերէն դուրս յարաբերութիւններ հաստատելն ու շփման մէջ մնալը, քանի որ մարդկային բնութիւնը կառոււած է համախմբուելու եւ ի վերջոյ՝ կազմակերպուելու։ Որպէսզի մարդիկ աշխատանքային ժամերէն դուրս յարաբերութիւնները զարգացնելու համար չհաւաքուին, միշտ կան սահմանումներ, որոնք կը խոչընդոտեն համախմբումը. ինչպէս՝ աշխատանքային ժամերու աւելացումը, աշխատատեղերու ժամանցի վայրերէն հեռացումը, ցած աշխատավարձով ընկերային կեանքը շքեղութեան մակարդակին բարձրացնելը…

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ալէն Պատիւ դրամատիրութեան մարդկային յարաբերութիւններու վրայ ազդեցութեան մասին ըսած է. «Եթէ դրամատիրութենէն առաջ կօշիկ մը ունէիք, վնասուելէն ետք կը վերանորոգէիք զայն։ Չէիք կրնար փոխել կամ դիւրութեամբ վերադարձնել։ Այդ ժամանակ մարդկային յարաբերութիւններն ալ նման էին։ Անոնք հիմնուած էին վերանորոգման վրայ։ Յետդրամատիրական ժամանակաշրջանին կը գերիշխէ փոխարինում-վերադարձ-թափել ձեւաչափը։ Այլեւս նոյնն են յարաբերութիւնները՝ վերադարձ, փոխարինում եւ թափում։ Վերանորոգման ջանք չկայ»։ Այս իրավիճակը մեզի պարտադրուած է առողջ եւ որակեալ կեանքի մասին շարք մը խօսակցութիւններով, ուսուցումներով եւ առաջարկներով։ Եկէք նախ դիտարկենք մարդկային յարաբերութիւններու մասին խորհուրդներ պարունակող յօդուածները։ Տասն յօդուածէն առնուազն ութը կը վերաբերին հաղորդակցութեան բացակայութեան կամ յարաբերութիւններու պակասի։ Ահա այստեղ է դրամատիրութեան ուժը. ան կրնայ մարդիկ համոզել, թէ անոնց ձեռքի եւ ոտքի շղթաները աւելի որակաւոր տեսք կրնան ունենալ՝ զանոնք փայլեցնելով։

Ըստ էութեան, «հիանալի» խորհուրդ մըն է՝ «հեռացուցէք բացասական մարդիկը ձեր կեանքէն»ը, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ո՞վ է բացասական մարդը։ Ընկեր մը, որ ձեզ դրականօրէն կը քննադատէ, բացասական չէ։ Այն մարդը, որ կը տեսնէ խնդիրը եւ կ՚ուղղէ ծրագրի մը ռազմավարութիւնը, բացասական չէ։ Բարեկամ մը, որ կը համարձակի վիճիլ եւ հակադրուիլ մեզ հետ՝ երբ իրաւունք ունի, բացասական չէ։ Բացասականը այստեղ թունաւոր մարդն է, որ ելք չ՚առաջարկեր, յուսահատութիւն կը սերմանէ եւ ուրախութիւն կը զգայ ուրիշներու ձախողութենէն։ Մարդիկ, որոնք կը նկարագրենք որպէս բացասական, կրնան ըլլալ անմեղ անհատներ, որոնք բախուած են բազմաթիւ ցաւերու իրենց մանկութեան կամ իրենց կեանքի որեւէ փուլին։ Անոնց փորձառութիւնը յաճախ անտեսուած է։ Անոնք ենթարկուած են հոգեբանական ճնշման ու յայտնուած են բացասական մտքերու մէջ՝ առանց վնաս պատճառելու հասարակութեան։ Անոնցմէ շատեր չեն կրցած բուժուելու հնարաւորութիւն գտնել։ Արդարեւ, մարդ մը, որ «բացասական» ըլլալու պիտակը կը ստանայ միայն իր կրած վնասներու կամ անպատեհութիւններու պատճառով, պէտք չէ օտարել կամ նոյնիսկ մեկուսացնել զայն հասարակութենէ։

Աննրբանկատ կամ անազնիւ մարդիկ ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը փորձեն սիրոյ թիթեռնիկի տեսք ունենալ եւ ըսել՝ «բացասական մարդոցմէ պէտք է հեռանալ», անոնք ուշադրութեան յիմարութեան մէջ են։ Վստահ եմ, թէ այս թոյնը հասարակութեան սերմանել փորձելը մարդկութեան ամենամեծ ամօթներէն մին է։

Բացասական մարդոց հասարակաց առանձնայատկութիւններէն մէկը բողոքելը ապրելակերպ դարձնելն է: Բոլորս կրնանք բողոքել որոշ բաներէ, ինչ որ մեր ամենաբնական իրաւունքն է։ Այնուամենայնիւ, եթէ չափազանցենք եւ մեր դժգոհութիւնը աճի ամէն օր, մեր տեսակէտէ կը դժուարանայ յառաջընթաց արձանագրելը: Որոշ մարդոց պարագային բողոքելը պատասխանատուութենէ խուսափելու միջոց մըն է։ Մարդիկ, որոնք չարակամ կերպով ինքզինքնին կը բաղդատեն այլ մարդոց հետ, թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերեն նաեւ այլ մարդոց դէմ եւ կը փորձեն տապալել զանոնք: Անոնք են, որոնք երջանիկ կ՚ըլլան ուրիշներու դժբախտութիւններով։ Բացասական ու թունաւոր մարդիկ անոնք են։

Երբ կը փորձենք իրականացնել մեր երազաները՝ մեր ճանապարհին յայտնուած առաջին իսկ խոչընդոտին մեր նպատակէն հրաժարիլը, ի հարկէ, բացասական ըլլալ կը նշանակէ: Յիշենք, իւրաքանչիւր յաջողութիւն կը պահանջէ ջանք եւ պէտք չէ շեղիլ իրատեսական նպատակներէն։ Նահանջելը, յանձնուիլը միշտ պարտուած կը զգացնէ, իսկ փորձելը՝ ուժեղ։ Եթէ բացասականութենէ հեռանալ կ՚ուզենք, պէտք է նախ գիտնանք, թէ ո՞րն է բացասականը։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս