Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունած է ՍԴՀԿ-ի գլխաւոր պատասխանատու հանդիսացող Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ ՍԴՀԿ-ի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ.Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանին եւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի
Վարիչ Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանին եւ Վարիչ Մարմինի փոխ ատենապետ՝ Ընկ.Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանին։
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ մեր ժողովուրդը յուզող Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը։ Այս ծիրին մէջ մտահոգութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում կատարուեցաւ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ համայնքին։ Վեհափառ Կաթողիկոսը յատկապէս շեշտեց երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն միասնական ոգիով ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ մասնակցելու հրամայականը։
Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։