image

Իրանին միջնորդութիւն կը ներկայացուի. Առիթը յաւելեալ սրացումներէ խուսափիլն է

Իրանին միջնորդութիւն կը ներկայացուի. Առիթը յաւելեալ սրացումներէ խուսափիլն է

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չինաստանի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հետ հեռախօսազրոյցներուն կոչ ըրած է համոզելու Իրանը, որ անհրաժեշտ է զերծ մնալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը սրելէ։ Այս մասին, dw.com-ի հաղոդմամբ, լրագրողներուն յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիւ Միլլըր։

Ան ընդգծած է, որ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան վրայ Իսրայէլի յարձակման Թեհրանի հնարաւոր պատասխանի պատճառով տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրումը «չի բխիր ոչ մէկու շահերէն» եւ աւելցուցած, որ այս խնդրի լուծման համար Ուաշինկթըն կը համագործակցի դիւանագիտական ուղիներով եւրոպացի գործընկերներու հետ։

Այսօր The Wall Street Journal-ը (WSJ), յղում ընելով իր աղբիւրին, գրած է, որ Իրանը Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատան հիւպատոսական բաժնին իսրայէլեան ռազմական հարուածի կապակցութեամբ կրնայ Իսրայէլին պատասխանել 24-48 ժամուան ընթացքին։ 

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ Իսրայէլը Իրանէն՝ հիւսիսէն կամ հարաւէն ուղղակի յարձակման կը պատրաստուի։ Կայքը միաժամանակ նշած է, որ Թեհրանը դեռ վերջնական որոշում չէ կայացուցած։