«Ռոպերթ» կեղծանուամբ ցանցահէններու խումբը, որ, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով, կապուած է Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հետ, յայտարարած է, որ պատրաստ է հրապարակել կամ վաճառել ելեկտրոնային նամակներ եւ տուեալներ, որոնք իբր ստացուած են Տանըլտ Թրամփի առանցքային դաշնակիցներու կոտրուած հաշիւներէն:
Այս մասին յայտնած է Reuters-ը:
Ցուցակին մէջ տեղ գտած են Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավարը, իրաւաբանը, դերասանուհի Սթորմի Տանիելսը: