Նուիրեալ հայրենակից Արմէն Սահակեան օրերս իր տիկնոջ՝ Թալինին հետ կնքահօր եւ կնքամօր պարտականութիւն կատարած են իրենց հարազատին՝ Տանիին։
Նշենք, որ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը կատարած է Երուսաղէմի Հայ Միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս ծ. վրդ. Զաքարեանը։
Նշենք նաեւ, որ Արմէն Սահակեան այս առթիւ կատարած է գեղեցիկ եւ հոգիի խորքերէն բխող անգլերէն գրառում մը, եւ զայն թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ
«Մկրտութեան պահուն ես եւ Թալինը լեցուած էինք դիւթիչ հոգիով։ Իսկապէս խորհրդաւոր օր մըն է լեցուն խինդով, փայլատակող աչքերով եւ մշտանորօք յոյսերով։
Մեր սիրելի Տանի, թող քու հոգին միշտ մնայ անսասան, եւ քու սիրտը յաւերժօրէն լեցուին մանկական ծիծաղի անմեղութեամբ ու մաքրութեամբ: Իմացիր, որ դուն միշտ շրջապատուած պիտի ըլլաս սիրոյ առատութեամբ, եւ պատրաստ ենք քեզ միշտ բարձրացնել ապրելու համար այն եզակի կախարդանքը, որ դուն կը բերես մեզի ...։»
Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ հայրենադարձ Արմէն Սահակեան երկար ժամանակ գործած է ԱՄՆ-ի մէջ վարելով «Հայ Դատ»ի գրասենեակի ղեկավարի պատասխանատու պաշտօնը եւ ան ներկայիս Երեւանի մէջ կը գործէ մաս կազմելով հասարակական գործունէութիւն ծաւալով տարբեր կազմակերպութիւններու։