Սա վերջին 24 ժամուայ ընթացքին հինգերորդ նահատակն է, որ սպաննուած է դաշտային մահապատիժով` ի կատարումն Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի յայտարարութիւններուն, ուր ան ըսած է. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սահմանափակումներ պիտի չըլլան»:
Այսօր՝ Երեքշաբթի, Պաղեստինցի բանուոր սպաննուած է իսրայէլեան ոստիկանութեան գնդակներէն, Պաղեստինի հարաւային շրջանի Ասքալան քաղաքին մէջ:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու` պաղեստինցի բանուորը դանակահարած է իսրայէլացի ոստիկանը` վիրաւորելով անոր ձեռքէն, եւ ան այնուհետեւ տեղափոխուած է Ասքալանի հիւանդանոց:
Ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան պնդումներուն` ոստիկանը խնդրած է բանուորէն ցոյց տալ իր անձնաթուղթը եւ իրեն պատկանող աշխատանքային թոյլտուութիւնը, սակայն վերջինս դանակով հարուածած է ոստիկանը, որ իր կարգին կրակած է բանուորին վրայ, որ տեղւոյն վրայ նահատակուած է:
Սա վերջին 24 ժամուայ ընթացքին հինգերորդ նահատակն է, որ սպաննուած է դաշտային մահապատիժով` ի կատարումն Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի յայտարարութիւններուն, ուր ան ըսած է. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սահմանափակումներ պիտի չըլլան»:
Ժըննին քաղաքին մէջ զինուած բախումներ տեղի ունեցած են դիմադրութեան մարտիկներու եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ, որոնք այսօր` Երեքշաբթի առաւօտեան, գրոհած են օրերէ ի վեր պաշարուած քաղաքի մի քանի թաղամասեր:
Պաղեստինեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ յատուկ ստորաբաժանումներ, օգտագործելով պաղեստինեան համարանիշներով մեքենաներ եւ զինուորական պարեկներ, ներխուժած են արեւելեան թաղամաս եւ շրջապատած են մի քանի շէնքեր, երբ ներխուժած են տուներ եւ դիպուկահարներ տեղակայած են տուներէն ներս:
Դիմադրութեան մարտիկները կրակ բացած են իսրայէլեան ուժերուն վրայ, որոնք քաղաքին մէջ ներխուժած են լրագրող Մուճահիտ Ալ-Սաատիի տունը:
Իսկ Ժըննինի ջոկատը յայտնած է, որ իր մոճահիտները գնդակներով թիրախաւորած են իսրայէլեան դիպուկահարի տեղակայման կէտը Ալ-Հարշ շրջանին մէջ: