Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը Խրիմի կամուրջի վրայ իրականացուած ահաբեկչական յարձակման քրէական գործով ձերբակալած է Ռուսիոյ հինգ քաղաքացի, Ուքրանիոյ երեք քաղաքացի եւ ՀՀ մէկ քաղաքացի: Այս մասին կը հաղորդէ ՌԻԱ «Նովոստի»-ն։
«Հաստատուած է, որ Խրիմի կամուրջի վրայ իրականացուած ահաբեկչութեան կազմակերպիչը եղած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հետախուզական վարչութիւնը, անոր ղեկավար Քիրիլ Պուտանովը, աշխատակիցներ եւ գործակալներ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ պայթուցիկ սարքը Օտեսայէն տեղափոխուած է Պուլկարիա, ապա վրացական Փոթի նաւահանգիստ, որմէ ետք՝ Հայաստան։
Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը հրապարակած է կասկածեալներու անունները։ Հրապարակուած ցանկի համաձայն՝ ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած եղած են Ուքրանիոյ քաղաքացիներ՝ Միխայիլ Ցիւրքալոն, Տենիս Քովաչը եւ Ռոման Սոլոմքոն, Վրաստանի քաղաքացիներ Տանտրո Ինոսարիձէն եւ «Լեւան» անունով միջնորդ մը, ինչպէս նաեւ ՀՀ քաղաքացի Արթուր Տէրչանեանը։
Ըստ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան՝ 29 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր Երեւանի մէջ՝ «Թրանս Ալիանս» վերջակայանին մէջ, բեռը մաքսազերծուած է ԵԱՏՄ կանոններու համաձայն, որմէ ետք փաստաթուղթերը փոխարինուած են: Անկէ ետք բեռը ուղարկողը արդէն դարձած է «ԳՈՒ ԱՐ ՋԻ ԳՐՈՒՊ» ՍՊԸ-ն (Հայաստան, Ալավերդի), իսկ ստացողը` «Լիտեր» ՍՊԸ-ն (Մոսկուա):