image

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի․ Պէտք է բարձրացնե՛լ նշաձողը, այլընտրանք չունինք

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի․ Պէտք է բարձրացնե՛լ նշաձողը, այլընտրանք չունինք

Մայիսի մէկին, ըստ հաղորդումներուն, ընդդիմութիւնը Երեւանի կեդրոնը մեծ հանրահաւաք հրաւիրուած է, ազդարարելով՝ փաշինեանական իշխանութեան վերջ տալու վճռական փուլի սկիզբը։

Փաշինեան՝ Արցախի ինքնորոշման պահանջի նշաձողը իջեցնելու մասին խօսելով սեփական նշաձողի մասին վկայեց եւ հրահրեց ընդդիմութեան գործողութիւններու արմատականութիւնը։

Հանրութիւնը, որ նախապէս կրաւորականութիւն կը ցուցաբերէր, կարծես համոզուած է, որ օր առաջ պէտք է ճամբել այս վարչախումբը, որ բեմադրուած ռազմական պարտութենէն ետք աներեսաբար չհեռացաւ քաղաքական թատերաբեմէն։

Նշաձողի նիկոլական պատկերացումը կը յուշէ, որ այս իշխանութիւնը կը պատրաստուի հարիւրամեայ վաղեմութեան սահմաններու ապօրէն տնօրինումը օրինականացնել։ Խօսքը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն մասին է։

Մեր նախորդ՝ Ապրիլի 23-ի խմբագրականով արդէն խօսած էինք այս մասին․ երկու երկիրները պարբերական ջարդերով եւ բռնագաղթերով հայաթափելէ ետք Արեւմտեան Հայաստանն ու Արցախ աշխարհի դաշտային բաժինները, զանոնք իւրացնելու հող նախապատրաստեցին։

Սակայն այդ ամբողջ գործողութիւնը անաւարտ, թերի մնաց, քանի որ միջազգային օրէնքի պահանջներուն համահունչ չէր եղած, 1921-ի Մարտին Մոսկուայի եւ Հոկտեմբերին Կարսի պայմանագիրները ապօրէն էին, զանոնք չէին ստորագրած միջազգային օրինականութիւն վայելող իշխանութիւններ, աւելին՝ Մոսկուայի պայմանագիրը կնքած էին Մոսկուայի մէջ իշխանութեան տիրացած պոլշեւիկները ու տնօրինած երրորդ կողմի մը՝ Հայաստանի ճակատագիրը վերջինիս բացակայութեան։

Արցախ ու Նախիջեւան եւս Ատրպէյճանի վարչական սահմաններուն մէջ դրուեցան՝ Ինքնավար Մարզի եւ Հանրապետութեան անուան տակ, անդամահատելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Եթէ այսօր ազգովին եւ պետականօրէն կը տառապինք եւ պատերազմի ու նոր ցեղասպանութեան անդոհանքը կ’ապրինք, շնորհիւ այս կամայականութիւններուն է, որոնք 70 տարի պոլշեւիկեան իշխանութիւններուն պաշտպանութեամբ գոյատեւելէ ետք, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, միութենական վարչական սահմանները աշխարհին ընդունիլ տրուեցան իբրեւ պետական սահմաններ։

Ատրպեճանաթրքական 2020-ի հերթական նուաճողական ռազմարշաւի արդիւնքը օրինականութիւն ստացաւ այս շիլ եւ ապօրէն պայմանագրերով։

Պետականօրէն Հայաստան այս լարուած պայթուցիկ տակառը չվնասազերծեց 1991-ին եւ հետագայ տարիներուն, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ստեղծելով մեծ գլխացաւանք մը հետագայ տասնամեակներուն համար։ Այսօր՝ Նիկոլ եւ իր վարչախումբը մտադիր է վերը նկարագրուած բոլոր ապօրինութիւնները օրինականացնել։

Զարմանալի չէ Մոսկուայի դիրքորոշումը․ ինք գլխաւոր ճարտարապետն է Հայաստանի արեւելեան թէ արեւմտեան սահմաններուն, անշուշտ մեկնելով իր մեծապետական շահերէն։ Ներկայ անուանումով Ռուսաստանի Դաշնութիւնը ժառանգորդն է նոյն ենթադրեալ շահերուն, հետեւաբար պաշտպանը գծուած սահմաններու անխախտելիութեան։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն նախագահը՝ Վուտրօ Ուիլսըն 102 տարի առաջ հրապարակեց իր իրաւարար վճիռը եւ սահմանեց Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, պարտաւորութիւն ունի՛ պաշտպանելու զայն, բայց ներկայ հանգամանքներուն մէջ, ինչպէս խորհրդային կայսրութեան տարիներուն, ենթադրաբար՝ տրամադիր չէ նման քայլով մը ընդարձակել ռուսական շահերու գօտին։ Մանաւանդ որ իրաւատէրը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս տարիներուն երբեւէ պաշտօնապէս սեղանի վրայ չդրաւ իրաւունքի իրացման հարցը, իսկ քաղաքական ուժերու պահանջները՝ տէր կանգնելու իրաւարար վճռին եւ ջնջելու Մոսկուայի եւ Կարսի ապօրէն պայմանագրերը, խուլ ականջներու հանդիպեցան այս երեք եւ աւելի տասնամեակներուն։

Տուժողը՝ Հայ ազգն է։ Իշխանութիւնները կու գան ու կ’երթան, մնացողը պետութեան տէր եւ պաշտպան ազգն է։

Այս ընթացքը պէ՛տք է վերջ գտնէ եւ այսօ՛ր, ոչ վաղը, տարի մը տասնամեակ մը ետք։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ժառանգ մնացած այս հիմնահարցը քաղաքական-իրաւական հարթութեան վրայ պիտի դրուի եւ ամէն գնով պահուի այդ հարթութեան վրայ։ Ազգի ցարդ թափած արիւնը պիտի արժեւորուի ու վերջակէտ դրուի։

Պարտութեան եւ նուաստացման դէմ ծաւալող Դիմադրութեան շարժումը պարտաւոր է վերջ տալու ոչ միայն նիկոլականութեան, այլեւ յստակ եւ աներկբայ պարտաւորութիւն ստանձնելով 1920 Դեկտեմբերէն ասդին այս թաւալգլոր ընթացքը կասեցնել։

Դանակը ոսկորին հասած է։ Ներազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ պէտք է՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայ ժողովուրդին յստակացուի, որ նուաճողական եւ բռնադատուած բոլոր լուծումները անընդունելի կը մնան եւ կը մնանք իրաւատէ՛ր։ Ուշ կամ կանուխ այս հարցերը պէտք է լուծում գտնեն եւ վերջ գտնէ Հայաստանի շահերուն ստորադասումը այլ պետութիւններու շահերուն։

Միանգամընդմիշտ այս կեցուածքը եւ վճռականութիւնը պիտի ցոյց տանք արտաքին աշխարհին, միաժամանակ ներքին միասնութեան եւ քաղաքացիի կազմաւորման հիմքը դնել, կեանքի եւ արդիւնաբերութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան անիւը այս առանցքին շուրջ թաւալելու։

Ասիկա առաջադրանք է այսօրուան Դիմադրութեան շարժման յարատեւման եւ արդիւնաւորման համար։ Ասիկա Նիկոլի ըսած նշաձողի իսկական բարձրութիւնն է, որմէ նուազը պէտք է անընդունելի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիին ու արտերկրի հայուն։ Հետագայ համապետական ընտրութիւններուն առաջադրուող ուժերը իրենց ծրագիրները կազմած ժամանակ պէտք է նկատի ունենան այս նշաձողը եւ նախընտրական պայքարն ծաւալեն զայն իրագործելու իրենց առաջադրած ուղիներու արդիւնաւորութեան փաստարկումով։ Մինչեւ այսօր հակառակ ուղղութեամբ ընթացանք եւ արդիւնքը պարտութիւնն էր, պատերազմի չդադրող սպառնալիքը։

Եթէ այս քայլը այսօր չկատարեցին նիկոլականութեան դէմ պայքարող ուժերը, վաղը աւելի բարդ հարցերու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք ազգովին, նորանոր թերուս նիկոլներ երեւան պիտի գան ու իշխանութեան յաւակնին։

Մինչդեռ յստակացնելով մեր ազգային պայքարի ուղին, նախ աւելի մեծ համախմբում կը յառաջանայ, գլխաւորաբար՝ երկրի ապագան ուրուագծող երիտասարդութիւնը, ուսանողութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու գիտական բնագաւառներուն մէջ գործունէութեան յստակացուած ուղեգիծով խանդավառ՝ օրինապաշտ գործունէութեան մղելով։

Այս ուղղութիւնը Դաշնակցութեան ուղղութիւնն է, որ իր էութեամբ համազգային է եւ անձկութենէն դուրս գալու միակ ուղին։

Նոր բան պիտի չհնարենք երբ կայ հաստատուածը եւ դառն փորձով ապացուցուածը։ Պիտի բարձրացնել նշաձողը եւ սպասարկել անոր նուաճման։ Այընտրանք ուղղակի չկայ։ Արդէն ուշացած ենք:

 

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի