image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ի՞նչ տուաւ եւ չտուաւ Պրիւքսէլեան հանդիպումը

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ի՞նչ տուաւ եւ  չտուաւ  Պրիւքսէլեան  հանդիպումը

Մանաւանդ Հայաստանի արեւմտամէտ դէտերն ու քաղաքական գործիչները կը հաւատան - եւ կ'ուզեն հաւատացնել ժողովուրդն ալ – որ Արեւմուտքը գերակշռութիւն պիտի տայ Հայաստանին իբրեւ ժողովրդավար երկիր, անտեսելով բռնատէր Ատրպէյճանն ու Թուրքիան: Եթէ Արեւմուտքի ՙժողովըրդավարական՚ քարոզը իրական ըլլար ամերիկեան հովանիին տակ միջնադարեան վարչակարգ գոյութիւն պիտի չունենար Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի կողմէ Արցախը ժողովուրդին ՙիրաւունքներուն՚ մասին խօսիլ արդէն հրաժարում կը նշանակէ նոյնինքն Արցախէն:

Հետեւաբար զարմանալի չէ որ յուսահատած է Արցախի ժողովուրդը եւ մինչեւ անգամ կ'ուզէ դիմել հանրաքուէի` միանալու համար Ռուսաստանին, Հարաւային Օսեթիոյ օրինակով:

 

Համաշխարհային մակարդակի վրայ տեղի կ'ունենան քաղաքական լուրջ զարգացումներ, եւ փոքր երկիրներու ճակատագիրը կապուած է այդ վերիվայրումներէն: Երկրորդական երկիրներուն պատճառած վնասները անպայմանօրէն չեն միշտ բխիր այդ երկիրներու վարած քաղաքականութենէն. հետեւաբար, երբեմն, իմաստակութեան համազօր դատում է տուեալ երկրի մը ձախողութիւնը վերագրել այդ երկրին վարած քաղաքականութեան: Բնականաբար այդ երկիրն ալ բաժին ունի իր արձանագրած յաջողութեանց ու վրիպումներուն մէջ. սակայն, միշտ պէտք է նայիլ աւելի անդին այդ երկրին սահմանուած իրավիճակները փնտռելու մեծ պետութեանց հակամարտութեանց կամ համագործակցութեան մէջ:

Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները կը գործադրեն համակարգուած քաղաքականութիւն մը` Ռուսաստանը դուրս բերելու գերպետութեանց թատերաբեմէն: Այս օրերուն անոնք կռթնած են Ուքրանիոյ` այդ նպատակը իրագործելու համար:

Ուրիշ թատերաբեմ մըն ալ յառաջացած է Կովկասի մէջ, ուր կը գտնուի Հայաստանը. Կովկասի բարդ ու կնճռոտ խնդիրներուն մէջ կռուախնձոր է Հայաստանը, ինչպէս են` հարեւան երկու երկիրները` Վրաստանն ու Ատըրպէյճանը:

Կովկասեան այս երեք երկիրները ունին իրենց խնդիրները, տարակարծութիւնները եւ շահերը. հաւանաբար այդ շրջանի խնդիրները կարելի ըլլայ աւելի հեշտ լուծել, եթէ անոնք զուգորդուած եւ ընդգրկուած չըլլան մեծ պետութեանց շահերուն: Ռուսաստան իր ազդեցութեան աւանդական գօտին կը նկատէ Կովկասը. այդ պատճառաւ ալ ռազմական ներկայութիւն ունի երեք երկիրներու հողատարածքին վրայ` տարբեր ձեւերով եւ տարբեր սկըզբունքներով:

Արեւմուտքի ռազմագիտական նպատակներէն մէկն է Ռուսաստանը դուրս քշել կովկասեան տարաշրջանէն եւ այդ պատճառով ալ կ'օժանդակէ շրջանի երկիրներուն եւ միջամուխ կ'ըլլայ անոնց խնդիրներուն եւ տարակարծութիւններուն, միշտ փորձելով սիրաշահիլ զանոնք ի վնաս Ռուսաստանի: Արդէն Արեւմուտքը յաջողած է Թուրքիան զետեղել կովկասեան շրջանէն ներս, հաւատալով որ ան պիտի կատարէ ՆԱԹՕի յառաջապահի դերը` հակակշռելու համար Ռուսաստանը կամ զայն քշելու տարածաշրջանէն դուրս: Թուրքիոյ վերապահուած կամ վերագրուած այդ դերին լոյսին տակ Արեւմուտքը պատրաստ է ընդունելու կամ անտեսելու Անքարայի սեփական շահերու հետապնդումը դէպի թուրանական կայսրութեան կայացումը:

Հայաստանի ճակատագիրը կամ Արցախի խնդրին լուծման հեռանկարները պէտք է դիտուին եւ վերլուծուին այսպիսի զարգացումներու տուեալներով:

Ցարդ Հայաստան յոյսը կապած էր Մինսքի խումբի ձեւաչափին, որովհետեւ ան միակ կառոյցն էր որ կը շարունակէր պնդել հելսինքեան եզրափակիչ սկզբունքներու վրայ, որ խոցելի կը դարձնէ Ատրպէյճանը ոյժի միջոցաւ իր խնդիրները լուծելուն պատճառաւ, իսկ կը յուսադրուին Հայաստանն ու Արցախը որովհետեւ այդ սկզբունքները կը պահանջեն ազգային փոքրամասնութեանց ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումը: Նախագահ Ալիեւ կը պնդէր որ ինք Արցախի խնդիրը լուծած է եւ Մինսքի խումբն ալ դեր մը չունի կատարելիք:

Մինսքի խումբի համանախագահները – Ռուսաստան, Ամերիկա եւ Ֆրանսա – կը սպասէին այն օրուան որ պիտի կրնային այցելել տարածաշրջան եւ իրենց որդեգրած սկզբունքներով` լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը: Ռուսաստան, միւս համանախագահներուն նման կառչած էր Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս սկզբունքին եւ ինքնորոշման իրաւունքն ալ հեռաւոր նպատակ մը կը սեպէր: Մինչեւ վերջերս, նոյնիսկ Ուքրանիոյ պատերազմին շղթայազերծումէն ետք ալ` կ'ըսուէր որ Մինսքի խումբի համանախագահները կը համագործակցին համախոհ կերպով:

Մոսկուայի համար Մինսքի խումբի ձեւաչափը միշտ նկատուած էր Արեւմուտքի գերակշռութիւնը այդ կազմէն ներս:

Պրիւքսելի հանդիպումը նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հովանաւորութեամբ, ունեցաւ բեկումնային նշանակութիւն, որովհետեւ Արցախի խնդիրը կերպով մը դուրս ելաւ Մոսկուայի հակակշռէն եւ դարձաւ Եւրոպական Խորհուրդի խնդիր: Մոսկուան հաշտ աչքով չի դիտեր այս բեկումը եւ վստահաբար պիտի հակադարձէ իր միջոցներով: Սակայն, ի՞նչ կը նշանակէ այս բեկումը Հայաստանի համար եւ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին հաշւոյն` դեռ պիտի տեսնենք յառաջիկայ զարգացումներու լոյսին տակ:

Արդէն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները` Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով հրապարակային ճակատում մը ունեցան անցնող շաբաթ, Մոսկուայի իրենց հանդիպման ընթացքին: 

Երկու նախարարներու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով յայտարարած է թէ Ռուսաստան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին. ՙՄենք պիտի շարունակենք օգնել Հայաստանին ռազմագիտական գործակիցի դիրքերէն, եւ օգնել Ձեզի պաշտպանութեան ամրապնդման եւ սահմանի ապահովութեան գործին մէջ՚: Եւ ապա աւելցուցած է. ՙԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները, այսպէս կոչուած գործընկերները, ՙռուսաֆոպ կատաղութեան՚ մէջ ըլլալով, ձգտելով չեղարկել ամէն ինչ որ կապուած է Ռուսաստանի դաշնութեան հետ, չեղարկած են նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը, յայտարարելով որ անոնք այսուհետեւ այդ ձեւաչափով պիտի չյարաբերին մեզի հետ՚: Ասիկա փաստօրէն Մինսքի խումբին լուծարքն է, ինչ որ պէտք է մեծ գոհունակութիւն պատճառած ըլլայ նախագահ Ալիեւին. սակայն Արարատ Միրզոյեան տեղւոյն վրայ պատասխանած է ըսելով որ միջազգային հանրութիւնը կը հաւատայ որ Մինսքի խումբը տակաւին ունի խաղաղարար դեր մը Արցախի խնդրի լուծման մէջ:

Ասիկա արտասովոր երեոյթ մըն է. որովհետեւ Հայաստանի պետական դէմքերը հրապարակաւ հակաճառելու սովորութիւնը չունին իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ:

Միւս կողմէ, հակառակ որ նախագահ Փութինն սպառնացած էր բարեկամ երկիրներուն միջազգային հարթակներու վրայ չքուէարկել ընդդէմ Ռուսաստանի կամ ձեռնպահ մնալ` Հայաստան չմասնակցեցաւ այն քուէարկութեան որ կայացաւ ՄԱԿ Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին մէջ, վտարելով Ռուսաստանը այդ կազմէն. մինչ Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի բոլոր երկիրները քուէարկեցին ի նպաստ Ռուսաստանի:

Նախագահ Փութինի մտահոգութիւնն ու տագնապը այս երեւոյթներուն դիմաց պարզուեցաւ Պրիւքսելի հանդիպման նախօրէին, երբ առանձին-առանձին զանգահարելէ ետք Փաշինեանին եւ Ալիեւին` Փութին պարտք զգաց յաւելեալ անգամ մըն ալ զանգահարել Փաշինեանին, հաւանաբար զգուշացնելու համար այս վերջինը որ չշրջանցէ կարմիր գիծերը: Հաւանաբար Փաշինեան նոր գանգատներ եւ յանդիմանութիւններ պիտի ստանայ Ռուսաստանի նախագահէն, երբ Ապրիլ 19ին հանդիպի անոր Մոսկուայի մէջ:

Այժմ պէտք է անդրադառնալ Պրիւքսելի հանդիպման արդիւնքներուն մասին: Բնականաբար օրակարգն ու քննարկումները կը մնան խորհրդապահութեան քողին ներքեւ, սակայն հրապարակուած հաղորդագրութիւնները շատ բան կ'ըսեն այդ հանդիպման բովանդակութեան մասին:

Ապրիլի 6ին Փաշինեան եւ Ալիեւ հանդիպեցան Շառլ Միշելի հետ իսկ յաջորդ օրը երկուքը հանդիպեցան դէմ առ դէմ Պր. Միշելի ներկայութեան:

Հանդիպումներու աւարտին երեք կողմերն ալ հրապարակեցին առանձին հաղորդագրութիւններ ուր կը պակսի յիշատակութիւնը Արցախի խնդրին: Ալիեւ կանխաւ յայտարարած էր որ Լեռնային Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի այլեւս եւ ոչ ալ աշխարհագրական տարածք այդ անունով: Շատ հաւանաբար Շառլ Միշել եւ Փաշինեան խուսափեցան Արցախի մասին ակնարկութիւն ընելէ` չվրդովեցնելու համար Ալիեւը: Թէեւ Փաշինեան Պրիւքսելէն վերադարձին զեկոյց մը տուաւ ուր կրկին շեշտեց թէ պէտք է լուծումներ տրուին Արցախի ազգաբնակչութեան եւ իրաւունքներուն նկատմամբ մինչ Ալիեւ յայտնեց թէ դրական թեքում յառաջացած էր Պրիւքսելի մէջ եւ համաձայնութիւն կայացուած երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Բայց յայտնի չէ թէ ինչ պայմաններով:

Համաձայնութիւն կայացած է երկու կողմերու միջեւ յանձնախումբեր կազմելու մինչեւ Ապրիլի վերջը, անմիջապէս իրականացնելու երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծումի ծրագիրը:

Այս նախաձեռնութիւնը այնքան ալ հեշտ իրագործուելիք ծրագիր մը չէ, որովհետեւ տակաւին յայտնի չէ թէ գործարքը ի՞նչ քարտէսներով պիտի իրագործուին:

Միւս կողմէ Ատրպէյճան եւ Վրաստան բարեկամ երկիրներ կը նկատուին. սակայն անոնց միջեւ 30 տարիներէ ի վեր կը շարունակուին սահմանազատման գործընթացները եւ տակաւին չեն իրագործուած 30 տոկոսով:

Սահմանազատման գործին մէջ պիտի օգտագործուին խաղաղապահ ոյժեր, ապահով կերպով իրականացնելու գործը:

Նոյնպէս պարտականութիւն յանձնուած է երկու արտաքին գործոց նախագահներուն որ պատրաստեն խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը:

Հայաստանի մէջ կարգ մը արեւմտամէտ դէտերու մօտ որոշ ոգեւորութիւն յառաջացած է որ Արցախի խնդիրը Ռուսաստանի ձեռքէն սահելով փոխանցըւած է Արեւմուտքին: Ճիշդ է թէ Ռուսաստան, եւ յատկապէս ռուս խաղաղապահ ոյժերը, իրենցմէ ակնկալուած դերը չեն կատարեր. երեւակայեցէք որ Փարուխի եւ Քարագլուխի մէջ ռազմական դիրքերու զիջում կը կատարուի ատրպէյճանական կողմին, հայ զինուորներ կը մահանան ու կը վիրաւորուին, եւ Պր. Լաւրով կը հաղորդէ իր հայ պաշտօնակիցին որը սահմանային այդ ՙմանր դէպքեր՚ը տակաւին քննարկումի ենթակայ են եւ եզրակացութիւն մը չկայ այդ ուղղութեամբ:

Սակայն, միւս կողմէ Արեւմուտքը ունի իր շահերը եւ այդ շահերուն մէջ առաւելութիւնը կ'երթայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Այսպէս, հակառակ որ նախագահ Պայտըն ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը, միւս կողմէ սկըզբունքային շեղում մը ընելով տրամադիր է F-16 ռազմական օդանաւները վաճառել Թուրքիոյ: Իսկ միւս կողմէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սաստեց Ատրպէյճանը սահմանային խախտումներ կատարած ըլլալուն համար, սակայն կրկին զանց առաւ 907 յօդուածը Freedom Report Act-էն, որով կը մերժուէր Ատրպէյճանին զինական օգնութիւն ընել այնքան ատեն որ ան կը շարունակէ թշնամական գործողութիւնները Հայաստանի դէմ:

Մանաւանդ Հայաստանի արեւմտամէտ դէտերն ու քաղաքական գործիչները կը հաւատան - եւ կ'ուզեն հաւատացնել ժողովուրդն ալ – որ Արեւմուտքը գերակշռութիւն պիտի տայ Հայաստանին իբրեւ ժողովրդավար երկիր, անտեսելով բռնատէր Ատրպէյճանն ու Թուրքիան: Եթէ Արեւմուտքի ՙժողովըրդավարական՚ քարոզը իրական ըլլար ամերիկեան հովանիին տակ միջնադարեան վարչակարգ գոյութիւն պիտի չունենար Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի կողմէ Արցախը ժողովուրդին ՙիրաւունքներուն՚ մասին խօսիլ արդէն հրաժարում կը նշանակէ նոյնինքն Արցախէն:

Հետեւաբար զարմանալի չէ որ յուսահատած է Արցախի ժողովուրդը եւ մինչեւ անգամ կ'ուզէ դիմել հանրաքուէի` միանալու համար Ռուսաստանին, Հարաւային Օսեթիոյ օրինակով:

Գալիք օրերը աւելի ամպամած պիտի ըլլան: