ՀՀ ԱԺ ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի ղեկավարութեամբ մայիս 29-էն յունիս 1-ը Լիթվայի Վիլնիւս քաղաքին մէջ կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն, յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովէն։
Նշուած է, որ Անդրանիկ Քոչարեանը պիտի մասնակցի Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան հարցերու, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու, Տնտեսական եւ անվտանգութեան հարցերու, Քաղաքական հարցերու, Գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հարցերու յանձնաժողովներու, ինչպէս նաեւ՝ լիագումար նիստի աշխատանքներուն:
Հայկական պատուիրակութեան հետ ՆԱԹՕ խորհրդարանական վեհաժողովի քառօրեայ աշխատանքներուն կը մասնակցի նաեւ Հիւսիս-Աթլանթեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեանը:
