image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Յանուն մեր պահանջատիրութեան սահմանադրականութեան (ՀՅԴ 133-ամեակին առիթով)

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Յանուն մեր պահանջատիրութեան սահմանադրականութեան (ՀՅԴ 133-ամեակին առիթով)

Մեր ազգին ու պետականութեան համար գոյաբանական սպառնալիքներու ամէնէն ճակատագրորոշ փուլին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 133-ամեակը: Կորսնցուցած ենք մեր երկրորդ հանրապետութիւնը:   Ներխուժման ենթարկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը. թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը սպառնայ հայաստանեան այլ տարածքներու գերիշխանութեան եւ կը շարունակէ նոր պայմաններ թելադրելու իր քաղաքականութիւնը:

Տեղահանուած է ամբողջ ժողովուրդ մը եւ ամբողջական հայաթափման ենթարկուած Արցախը: Առեւանգուած է ու գերեվարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Անյայտ կորած են, պատանդուած  ու ռազմագերիի կարգավիճակով կը պահուին հայոց բանակի զինուորները:

Հիմնովին խախտած է ներքին համերաշխութիւնը եւ չէզոքացուած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Խզուած են եկեղեցի-պետութիւն կապերը, անցանկալի յայտարարուած Հայ դատի աշխատանքներուն լծուած գործիչները։

Հայ դատականութիւնը ներկայացուած է իբրեւ ռազմատենչ ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն: 29.800-ի թուանշային սահմանափակումներով հայրենիքի սահմանները նեղցած են, Արարատը դուրս եկած է մե՛րը սեպուող արժէքներու ցանկէն եւ յանուն «խաղաղասիրութեան», եղածը իբրեւ թէ պահելու խաբկանքներով կը շարունակուի զիջողական քաղաքականութիւնը պետական ամէնէն բարձր մակարդակներէն:

Այս հետեւողական արշաւը` միակողմանիօրէն զիջելու, սահմանադրական ամրագրումներու կ՛առաջնորդուի իշխանութիւններուն կողմէ: Խորհրդարանական համակարգ, յաւելեալ ժողովրդավարացում, տնտեսութեան հզօրացում եւ զարգացում կարգախօսները պարզապէս շղարշ են  հիմնականին մէջ հանելու համար գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ տեղ գտած կարեւորագոյն յղումը` Անկախութեան հռչակագիրին:

Այդ յղումի վերացումով սահմանադրական իրաւազօրութիւն չեն ունենար`

– Համայն հայութեան իղձերու իրականացումը,

– Պատմական արդարութեան վերականգնումը,

– Արցախի վերամիաւորումը հայրենիքին,

– Մայիս 28-եան արժէքներու իրաւաժառանգորդութիւնը,

– Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը:

Համազգային այս արժեհամակարգային կէտերը ըստ էութեան ՀՅԴ Ծրագիրին հիմնադրոյթներն են, թէ՛ Առաջին Հանրապետութեան դաւանած արժէքներով առաջնորդուելու, թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը առաջադրելու, թէ՛ տարածքային պահանջատիրութեան լծուելու եւ թէ՛ միացեալ Հայաստանը, առաջին հերթին, Արցախո՛վ կերտելու առումներով:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը այս արժէքներուն դէմ յայտարարուած պայքար է: Այս վտանգը կը սպառնար նաեւ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրման պահուն, երբ Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ համախմբել ամբողջ ժողովուրդը, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ զանգուածային բողոքներով «ո՛չ» ըսաւ փրոթոքոլներուն:

Մեր ամբողջական պայքարի կիզակէտը ներկայ պահու դրութեամբ սահմանադրական յղումը պահպանելու անտեղիտալիութեան մէջ կը կայանայ: Դաշնակցութեան կը վերապահուի դարձեալ համազգային իրաւունքներէն հրաժարելու պատրաստ իշխանութիւններու այս փորձը ձախողցնելու պարտականութիւնը:

Որուն համար համաժողովրդային զարթօնք պէտք է: Վերջակէ՛տ դնելու այս զիջողականութեան: Մերժելո՛ւ նոր անձնատուութիւնը: Չենթարկուելո՛ւ նոր յանձնուողականութեան:

Լիբանանահայութիւնը մեր համազգային պահանջատիրութեան պայքարի առաջին դիրքերը չէ լքած: Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն դէմ իր զանգուածային բողոքէն մինչեւ ազրպէյճանական դեսպանութեան դիմաց ցասումի հաւաքական գործողութիւններ, Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը վառ պահած է չզիջելու, թշնամիին ո՛չ ըսելու իր կամքն ու պայքարի ոգին:

Դաշնակցութիւնը, իր հիմնադրութեան 133-ամեակին, ամէնէն շատ կը դիմագրաւէ ա՛յս մարտահրաւէրը: Մեր համազգային իրաւունքներու սահմանադրականութիւնը պահպանելու սկզբունքին անտեղիտալիօրէն կառչած մնալու մարտահրաւէրը:

ՀՅԴ 133-ամեակը այս պայքարի յայտարարութեան պահն է: