Ո՛չ համավարակը, ո՛չ աննախընթաց տնտեսական տագնապը, ո՛չ արտագաղթը յաջողած են հունափոխել սփիւռքի կեդրոնական գաղութի պահանջատիրական երթը:
Մամուլի բազմապատկուած էջերը նեղ եկան լուսաբանելու համար լիբանանահայութեան կազմակերպած ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչական, ցուցական, պահանջատիրական, եկեղեցական ձեռնարկներն ու արարողութիւնները: Յարանուանականէն կուսակցական, երիտասարդականէն ուսանողական եւ պատանեկան, հոգեւորէն միութենական, տեղեկատուականէն, Հայ դատէն, մշակութային եւ սկաուտական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, ոգեկոչումներ, քայլարշաւներ եկան ամբողջացնելու տեղեկատուական եւ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու շարքը:
Լրատուամիջոցներու արտադրութիւններուն ուղղութեամբ մշտադիտարկումներու եզրայանգումները առաջին հորիզոնականին վրայ կը տեղադրեն լիբանանահայութիւնը` ա՛յս պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներու առատութիւն արձանագրելու առումով:
Քանի մը դիտարկում անպայման պէտք է արձանագրել այս առիթով:
Լիբանանը կը դիմագրաւէ աշխարհի ծանրագոյն տնտեսական տագնապներէն մէկը: Այս ճգնաժամը իր հերթին տեղի կու տայ արտագաղթի, բարոյահոգեբանական հաւաքական իրավիճակի անկումի: Մարդ անհատը բնազդօրէն առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր կենցաղային հարցերու լուծումը. երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան ատկէ դուրս բոլոր խնդիրները:
Նման պայմաններու մէջ է, որ այո՛, ժողովրդային խաւը հազարներով փողոց դուրս եկաւ յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու: Այս տարի պահանջը ունէր նաեւ այժմէական նոր բաժին: Մեր դասական պահանջներուն աւելցած է նոր ցեղային զտումի անմիջական սպառնալիքին դիմաց հակազդելը: Կանխարգիլելը` նոր ցեղային զտումի քաղաքականութեան հերթական փորձը: Զուգահեռ նաեւ ո՛չ միայն դատապարտել, այլ նաեւ պատասխանատուութեան կանչել, քրէականացնել, դատել ու պատժել ռազմական յանցագործութեան հարուստ թղթածրար լրացուցած Պաքուն:
Մեր պահանջներուն մէջ էր նաեւ ապահովել միջազգային դատապարտում Անգարայի դէմ, որ հովանաւորեց, դրդեց, զինեց Ազրպէյճանը սանձազերծելու պատերազմ եւ պատերազմի ճամբով փորձելու իրականացնել նոր ցեղային զտումի պետական քաղաքականութիւն:
Լիբանանահայութեան պաշտօնական յայտարարութիւնները համահունչ էին, զիրար ամբողջացնող, նոյն թիրախին ուղղուած եւ նոյն պահանջները արտայայտող:
Լիբանանահայ քաղաքական միտքը թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու ներկայացաւ միակամ եւ համահայկական այս օրակարգին ընդառաջ մշակուած նիւթերով, քաղաքական համախոհ ուղերձներ փոխանցելով եւ նոյն պահանջները բարձրաձայնելով:
Կար մտավախութիւն. ներհայաստանեան եւ ներլիբանանեան առումներով ներհամայնքային միանշանակ դիրքորոշումներ չկան: Այդուհանդերձ լիբանանահայութիւնը գիտակցեցաւ գերադասել մեր ամէնէն համահայկական օրակարգը, այդ ուղղութեամբ բացառել որեւէ հակասութիւն եւ դրսեւորել միակամ կեցուածք:
Ո՛չ միայն հայրենի պետութիւնը, այլ նաեւ համայն սփիւռքը հաշուի պիտի նստի լիբանանահայութեան ցուցաբերած համազգային այս գիտակցութեան երեւոյթին հետ:
Իսկ նպատակային բազմաոլորտ ձեռնարկները եկան հերթական անգամ փաստելու, որ համայնքի հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներն են, որոնք կը յաջողին իրականացնել այս բոլորը: Իսկ այս իրականութիւնը չի վերաբերիր միայն լիբանանահայութեան համախումբ ձեռնարկներուն եւ արարողութիւններուն, այլ նաեւ լիբանանեան լրատուադաշտին ուղղուած տեղեկատուական գործողութիւններուն, հանդիպումներուն, հրապարակումներուն եւ հարցազրոյցներուն:
Ո՛չ համավարակը, ո՛չ աննախընթաց տնտեսական տագնապը, ո՛չ արտագաղթը յաջողած են հունափոխել սփիւռքի կեդրոնական գաղութի պահանջատիրական երթը: