image
Հրատապ լուրեր:

Խաթիպզատէ․ «Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ նշանակալի յառաջընթաց արձանագրուած է»

Խաթիպզատէ․ «Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ նշանակալի յառաջընթաց արձանագրուած է»

Իրանի միջուկային ծրագրի ճակատագրին նուիրուած Վիեննայի բանակցութիւններու ընթացքին նշանակալի յառաջընթաց արձանագրուած է, յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէն:

Անոր խօսքով, սակայն, «որեւէ բան համաձայնեցուած չէ քանի դեռ համաձայնեցուած չէ ամէն ինչ»: Խաթիպզատէի ներկայացմամբ` այս պահին բանակցութիւններուն կը քննարկուիեն ամենադժուարին խնդիրները:

Վիեննայի բանակցութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Քաթար կատարած այցի ընթացքին: «Միացեալ Նահանգները պէտք է ապացուցէ քաղաքական կամքի առկայութիւնը` վերացնելով Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները», ըսած է Իրանի նախագահը: