image

Խաղաղութեան վերաբերեալ Փաշինեանի դրական ուղերձները կարեւոր կը համարենք. Ֆիտան

Խաղաղութեան վերաբերեալ Փաշինեանի դրական ուղերձները կարեւոր կը համարենք. Ֆիտան

Մեր տարածաշրջանին մէջ բացուած է տեւական խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման պատմական հնարաւորութիւններու պատուհան. ես կը հաւատամ, որ Հայաստանը կը գործէ երկարաժամկէտ ռազմավարական ընկալմամբ. այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը:

«Կարեւոր կը համարենք վարչապետ Փաշինեանի դրական ուղերձներն այս ուղղութեամբ։ Ան դիրքորոշում յայտնած է խաղաղութեան օգտին եւ կը նպաստէ այս գործընթացի դրական առաջընթացին։ Մենք կը շարունակենք աջակցիլ կողմերու միջեւ առանց միջնորդներու երկկողմ բանակցութիւններուն։ Խաղաղութեան հաստատումն իր հետ պիտի բերէ նոր հնարաւորութիւններ, որոնք նմանը չունին մեր տարածաշրջանի զարգացման գործին մէջ», -ըսած է թուրք պաշտօնեան։

Անոր խօսքով՝ Անգարան կ՚ուզէ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում եւ որ այս հարցով Թուրքիան պիտի շարժի Ատրպէյճանի հետ ուս ուսի տուած: