Հայաստանը շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բոլոր ուղիներու բացումով ու փոխադրային փոխկապակցուածութեան խթանումով՝ պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքի հիման վրայ: Այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ ելոյթ ունենալով Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու նախարարական հանդիպման։
«Որպէս դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիր, որի սահմաններն արեւմուտքում եւ արեւելքում գտնւում են ցամաքային շրջափակման մէջ վերջին երեք տասնամեակների ընթացքում, Հայաստանը կենսականօրէն շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բոլոր ուղիների բացման ու տրանսպորտային փոխկապակցուածութեան խթանման մէջ՝ համաձայն միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ պետութիւնների ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքի հիման վրայ»,- նշած է Միրզոյեանը։
Միրզոյեանն իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ ընդգծելով, որ այդ կը հանդիսանայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման Հայաստանի օրակարգի հիմնասիւներէն մէկը: «Դա նպատակ ունի իրար կապել արեւելքն ու արեւմուտքը, հիւսիսն ու հարաւը, եւ տնտեսական ու մշակութային առնչութիւնների ամրապնդման եւ մարդկանց միջեւ շփումների միջոցով նպաստել քաղաքական երկխօսութեան եւ հասնել տարածաշրջանում համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան՝ յօգուտ բոլոր ժողովուրդների: Գիտակցելով աւելի լաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային փոխկապակցուածութեան կարիքը՝ ՀՀ կառավարութիւնը ձեռնարկում է եւ պատրաստ է շարունակել իր ակտիւ ջանքերը՝ արդիականացնելու առկայ հաղորդակցութեան եւ տրանսպորտային ուղիները եւ կառուցելու նորերը»,- նշած է Միրզոյեանը:
Անոր խօսքով՝ ատոր վառ օրինակն է Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութիւնը, որ բարձր առաջնայնութիւն ունեցող ռազմավարական ծրագիր է Հայաստանի համար:
«Այն ոչ միայն կ՚ապահովի աւելի դիւրին հաղորդակցութիւն Հայաստանի հիւսիսային եւ հարաւային շրջանների միջեւ, այլեւ նշանակալի կերպով կը նպաստի Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովի միջեւ փոխկապակցուածութիւնը՝ դառնալով կարեւոր տարանցիկ հանգոյց արեւմտեան Ասիայի եւ արեւելեան Եւրոպայի միջեւ: Հայաստանը պատրաստ է վերակառուցել եւ գործարկել Գիւմրի-Կարս, Հրազդան-Կապան, Վանաձոր-Ագարակ, Երասխ-Նախիջեւան երկաթգծերը:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը գալիս է ոչ թէ մրցակցելու տարածաշրջանային այլ լոգիստիկ նախագծերի հետ, այլ լրացնելու առկայ հնարաւորութիւնները»,- եզրափակած է Միրզոյեանը: