image

Խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը փաստացի վերջ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան. Ալիեւ

Խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը փաստացի վերջ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրութիւնը վերջ կը դնէ Հայաստանի հետ առճակատման։

«Այս փաստաթուղթին նախաստորագրումը փաստացիօրէն վերջ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առճակատման»,– ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է Ալիեւը։

Ալիեւը նշած է, որ ապահովուած է նաեւ Ատրպէյճանի ցամաքային կապը Նախիջեւանի հետ. «Ատոր շնորհիւ Նախիջեւանի շրջանը այժմ ցամաքային կապ ունի երկրի մնացեալ մասին հետ»,– ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կարելի է ըսել՝ աւարտուած է, իսկ ստորագրուած փաստաթուղթերը կ՚ապահովեն Ատրպէյճանի շահերը։

Ան խօսած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մասին՝ շեշտելով, որ այն իր վերջին օրերը կ՚ապրի՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը համատեղ նամակով դիմած են ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով։