image

Կեդրոնացած ենք ԱՄՆ-ի հետ յուշագրի վերջնական մշակման վրայ. Իրանի ԱԳՆ խօսնակ

Կեդրոնացած ենք ԱՄՆ-ի հետ յուշագրի վերջնական մշակման վրայ. Իրանի ԱԳՆ խօսնակ

Իրան կեդրոնացած է Միացեալ Նահանգներու հետ փոխըմբռնման յուշագրի վերջնական մշակման վրայ․ այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային։

«Վերջին շաբթուան ընթացքին կարծիքները մօտեցած են։ Մենք պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդ երեք-չորս օրերու ընթացքին»,- ըսած է ան։

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւս կ՚ըսէ, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ միջնորդական ջանքերուն մէջ «որոշ յառաջընթաց» արձանագրուած է։

«Որոշ յառաջընթաց արձանագրուած է․ նոյնիսկ այն պահուն, երբ ես հիմա ձեզի հետ կը խօսիմ, որոշ աշխատանք կը տարուի»,- լրագրողներուն ըսած է Ռուպիոն։

«Կայ հաւանականութիւն, որ այսօր աւելի ուշ, վաղը կամ քանի մը օր ետք մենք ըսելիք ունենանք»,- աւելցուցած է ան։