Կազայի հատուածի հիւսիսը Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի յարձակման բուռն փուլը աւարտած է։ Շուտով Կազայի հատուածի հարաւային շրջանին մէջ մարտերը եւս պիտի անցնին աւելի ցած թէժութեան փուլ։ Այս մասին մամուլի ասուլիսին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, յայտնած է Al Jazeera-ն։
Ան նաեւ նշած է, որ ՀԱՄԱՍ-ի մօտ գտնուող պատանդներու ազատ արձակման շուրջ բանակցելու միակ ճանապարհը ռազմական ճնշումներու շարունակութիւնն է։ Կալանթ նաեւ ընդգծած է, որ պատերազմէն ետք Կազայի հատուածը պիտի կառավարեն պաղեստինցիները։ Ան նշած է, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը պէտք է ապահովուի «քաղաքական արձանագրութեամբ»։
Իսրայէլը հոկտեմբեր 7-ին սկսած է հրթիռակոծել Կազայի հատուածը, որ սպանէ ՀԱՄԱՍ խմբաւորման անդամները, որոնք նախապէս ներխուժած էին Իսրայէլի տարածք, սպանած խաղաղ բնակիչները եւ պատանդներ վերցուցած: Այնուհետեւ իսրայէլեան բանակը սկսած է ցամաքային ռազմական գործողութիւն Կազայի հատուածին մէջ։
Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ յունուարի կէսի դրութեամբ Կազայի հատուածին մէջ հոկտեմբեր 7-էն աւելի քան 24 հազար մարդ մահացած է։