ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւնը յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ կայ 180,000 ներքին տեղահանուած անձ, որոնցմէ 137,500-ը պատսպարուած է ՄԱԿ-ի 83 դպրոցներու մէջ: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:
Մինչդեռ aljazeera.com-ը աւելցուցած է, որ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է ստեղծելու «անվտանգ միջանցք՝ ապահովելու շտապ բժշկական օգնութեան մուտքը Կազայի հիւանդանոցներ»։
Իսրայէլը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի հատուածը՝ հարուածելով բնակելի շէնքեր: