image

Կազայի համար Թրամփէն ծրագիր. Իսրայէլ համաձայն է

Կազայի համար Թրամփէն ծրագիր. Իսրայէլ համաձայն է

Ուաշինկթըն Կազայի հատուածին մէջ պատերազմը դադրեցնելու ծրագիր ներկայացուցած է։

Սեպտեմբեր 29-ին Սպիտակ Տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է իր լաւատեսութիւնը, որ Կազայի մէջ պատերազմը շուտափոյթ աւարտ պիտի ունենայ, եւ ընդգծած է, որ այդ հարցով համաձայնութիւնը «աւելի քան մօտ է»։

Թրամփ նշած է, որ Իսրայէլ ընդունած է իր առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրը։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Համաս»-էն տակաւին համաձայնութիւն չեն ստացած եւ ըսած է, որ եթէ համաձայնութիւն չտրուի «Համաս»-ի կողմէ, Իսրայէլ պիտի ունենայ Ուաշինկթընի ամբողջական աջակցութիւնը՝ «Համաս»-ի դէմ գործողութիւններուն մէջ։

Ուաշինկթընի առաջարկած ծրագիրը կ՚ենթադրէ, որ Իսրայէլի կողմէ ատոր հաւանութիւն տալէն ետք՝ 72 ժամուան ընթացքին «Համաս»ի կողմէ պահուող բոլոր իսրայէլցի պատանդները պէտք է ազատ արձակուին։ Իր հերթին՝ Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ հարիւրաւոր պաղեստինցի պատանդներ եւ աստիճանաբար պիտի դուրս բերէ իր զօրքերը Կազայի հատուածէն։

Ծրագրին համաձայն՝ Կազան պիտի վերածուի ապառազմականացուած գօտիի, իսկ «Համաս» պէտք է հրաժարի պաղեստինեան այդ շրջանը որեւէ ձեւ  կառավարելու դերէն, իսկ խմբաւորման անդամները, որոնք վար կը դնեն զէնքերը, պիտի կարողանան հեռանալ արտերկիր։

Այս քայլերէն ետք, համաձայն ծրագրին, Կազայի մէջ պիտի տեղակայուին միջազգային ուժեր եւ պիտի սկսին լայնածաւալ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումներ։ Բացի այդ, պիտի ստեղծուի յատուկ տնտեսական գօտի։ Նշուած է նաեւ, որ Կազայի հատուածէն մարդոց բռնի տեղահանում պիտի չկատարուի։

Անցումային շրջանի ընթացքին Կազայի հատուածը պիտի կառավարուի որակաւորուած փորձագէտներու կոմիտէի կողմէ՝ մինչեւ որ պաղեստինեան կառավարութիւնը իրականացնէ բարեփոխումներ։ Կոմիտէն պիտի ձեւաւորուի պաղեստինցիներէ եւ փորձագէտներէ՝ ամբողջ աշխարհէն։ Ի թիւս այլոց՝ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու ցանկութիւն ունի Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէյրը։ Թրամփ յայտարարած է, որ անձամբ կ՚ուզէ գլխաւորել այդ յանձնաժողովը։