ՄԱԿ-ի հրատապ օգնութեան համակարգող Թոմ Ֆլեթչըրը քննադատած է Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ՝ ըսելով, որ Իսրայէլը դիտաւորեալ եւ անամօթաբար անմարդկային պայմաններ կը պարտադրէ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքին մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան: Այս մասին գրած է dw.com-ը:
Ֆլեթչըրն ըսած է, որ մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելափակումը Կազայի հատուած, անկլաւի բոլոր 2,1 միլիոն բնակիչները լայնածաւալ սովի վտանգի տակ կը դնէ: «Աւելի քան տասը շաբաթ Կազա ոչինչ հասած է՝ ո՛չ սնունդ, ո՛չ դեղորայք, ո՛չ ջուր, ո՛չ վրաններ», -ըսած է ՄԱԿ-ի հրատապ օգնութեան համակարգողը:
Ան Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է «դադրեցնելու խաղաղ բնակիչները սպանել եւ վիրաւորելը», վերջ տալու «այս դաժան շրջափակման» եւ թոյլ տալու մարդասիրական ոլորտի աշխատողներուն փրկել պաղեստինցիներու կեանքեր։ Միեւնոյն ժամանակ, դիմելով «Համաս»-ին եւ պաղեստինեան այլ զինուած խմբաւորումներուն, Ֆլեթչըրը կոչ ըրած է «անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակելու բոլոր պատանդները, իսկ խաղաղ բնակիչները ռազմական գործողութիւններու ժամանակ վտանգի տակ չդնել»:
Մինչդեռ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է առաջիկայ օրերուն Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի սպասուող խոշոր յարձակման մասին: Անոր խօսքով՝ յարձակման նպատակը պէտք է ըլլայ պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման նկատմամբ լիակատար յաղթանակը եւ իսլամիսթ զինեալներու ձեռքը մնացած վերջին պատանդներու ազատումը։