Կաշառակերութիւնը կաշառակերութիւն է՝ անկախ անկէ, թէ որ թուականին այն տեղի ունեցած է, որեւէ թուականին տեղի ունեցած որեւէ կաշառակերութիւն նոյնպիսի վնաս կը հասցնէ ապագային:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ընդգծած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան հիմնադրման 105-ամեակին նուիրուած «Դատախազութեան անկախութիւնը՝ որպէս իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւոր» թեմայով բարձր մակարդակի համաժողովին:
Խօսելով դատախազութեան դերի մասին՝ վարչապետը կարեւորած է նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը:
«Մեր համոզմունքը շարունակում է մնալ այն, որ կոռուպցիան քանդարար չարիք է իւրաքանչիւր պետութեան, առաւել եւս՝ ՀՀ-ի նման պետութեան համար, որի մարտահրաւէրները մեզ յայտնի են եւ օբյեկտիւ պատճառներով երբեմն կրկնապատկւում են, երբեմն՝ եռապատկւում: Կոռուպցիայի դէմ պայքարը պէտք է շարունակի մնալ Հայաստանի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ դատաիրաւական, ե՛ւ օրէնսդիր, ե՛ւ մամուլի համար առաջնահերթ խնդիր: Ընդ որում, երբեք չենք ունեցել եւ չենք ունենալու միտում՝ կոռուպցիան տարբերակելու նախկին կամ ներկայ տրամաբանութեամբ: Կոռուպցիան կոռուպցիա է՝ անկախ նրանից, թէ որ թուականին է դա տեղի ունեցել: Ցանկացած թուականին տեղի ունեցած ցանկացած կոռուպցիա նոյնպիսի վնաս է հասցնում ապագային»,-ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը վստահեցուցած է՝ չեն կրնար հանդուրժել այդ երեւոյթի ներկայութիւնը: Եւ ատոր դէմ ամէնօրեայ պայքարը պէտք է աւելի ու աւելի հետեւողական ըլլայ: