Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին ՝ Արամայիս Թախմազեան աւազանի անունով։
2 Դեկտեմբերի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, կարգալոյծ հռչակուած է Թալին շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Թադէ քահանայ Թախմազեան։
Տնօրինութեան հիմք եղած են Արագածոտնի Թեմի Վարչական Խորհուրդի զեկուցագիրն ու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւատրութիւններու եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը՝ ստորեւ ներկայացուած հիմնաւորումներով, ըստ որոնց Թադէ քահանան․
ա) վարկաբեկած է Հայ Եկեղեցին եւ եկեղեցականներն՝ այդ թուին հրապարակային զրպարտիչ յայտարարութիւն տարածելով։
բ) իրականացուցած է հակաեկեղեցական գործողութիւններ՝ մասնակցելով կարգալոյծ հռչակուած անձի մեղքին։
գ) Սուրբ Պատարագի ընթացքին կամայականաբար զեղչած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Թեմակալ Առաջնորդի անուններու յիշատակութիւնը՝ փաստացիորեն ժխտելով նուիրապետական կարգը, ինքն իրեն դնելով Եկեղեցիէն դուրս եւ, ըստ էութեան, յարելով հերձուածողական շարժման։
դ) եկեղեցական իշխանութեան նկատմամբ դրսեւորած է անհնազանդութիւն։
Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին ՝ Արամայիս Թախմազեան աւազանի անունով։