image
Հրատապ լուրեր:

Կարեւոր զարգացում. Իրան հարուածած է Իրպիլի մէջ գործող «Մոսատ»ի կեդրոնը

 Կարեւոր զարգացում. Իրան հարուածած է Իրպիլի մէջ գործող «Մոսատ»ի կեդրոնը

 «Ալ Մայատին» նաեւ կը հաղորդէ, որ շատ հաւանաբար արձակուած հրթիռները «Ֆաթէհ-10» տիպի էին, որուն հետեւանքով «Մոսատ»ի առնուազն  5 բարձրաստիճան սպաներ սպաննուած են։

 Իրանեան ուժեր երէկ երեկոյեան հարուածած են Իրպիլը։ 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

 Կը նշուի, որ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակագունդ»ի ջոկատներ  հարուածած են Իրպիլի մէջ գործունէութիւն ծաւալող իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց՝ «Մոսատ»ի երեք կեդրոններ, որոնք կը գտնուին Իրպիլի միջազգային օդակայանին մերձ (Շրջանը մասնաւորապէս կը կոչուի ՝Մասիֆ Սալահ Ալ Տին) ։

 Կը նշուի նաեւ, որ գրոհները եղած են գերարագ եւ ճիշդ թիրախ ընտրող ու խոցող իրանեան պալիսթեան հեռահար հրթիռներով, որոնք արձակուած են Իրանի տարածքէն։

«Ալ Մայատին» նաեւ կը հաղորդէ, որ շատ հաւանաբար արձակուած հրթիռները «Ֆաթէհ-10» տիպի էին, որուն հետեւանքով «Մոսատ»ի առնուազն  5 բարձրաստիճան սպաներ սպաննուած են։

Պաշտօնական Իրաք դատապարտած է դէպքը եւ Իրաքի նախագահ Պըրհոմ Սալէհ եղածը   համարած է յանցագործութիւն։ 

Կը սպասուի նաեւ, որ ԻԻՀ «Յեղափոխութեան պահակներ»ու հրամանատարութիւնը այս մասին յատուկ հաղորդագրութեամբ հանդէս գայ։