Ազրպէյճանի բանակին կողմէ օգտագործուած TR-107 թրքական հրթիռները Անգարային կողմէ Պաքուին վաճառուած ամէնէն արդիական հրթիռները չեն: Այս հրթիռներէն բացի Ազրպէյճան կը տիրապետէ 122 Միլիմեթրանոց T-122 (Multiple) «Սաքարայա» հրթիռներուն, որոնց քանակին մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Նշենք, որ հայկական դիրքին դէմ երէկ կրակուած TR -107 տիպի հրթիռը կը կշռէ 19.5 գիլոկրամ եւ աոր հասողութ կը հասնի մինչեւ 11 քիլոմեթրի: Հրթիռին գլուխը կը կշռէ 8.4 գիլոկրամ եւ այն արտադրուած է Թուրքիոյ գլխաւոր զինագործարանը համարուող «Րոքէթիսթան» ընկերութեան կողմէ: Ըստ պաշտօնական տուեալներոպ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ամէն կարեւոր զինուորական գործառքը կնքուած է 2010 Թուականին, երբ Ազրպէյճանեան կողմը 244 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ զինամթերք գնած է Անգարայէն: TR-107 եւ T-122 հրթիռներէն զատ Անգարա Պաքուին վաճառած է T-300 («Քասիրկա» անունը կրող) եւ T-122 տիպի հրթիռներ (1000 կտոր) եւ այդ հրթիռներուն հասանելիութիւնն է 40 Քիլոմեթր: