Հըզպալլայի մարտական պատասխանատուներէն սէյիտ Մուսթաֆա Պատրէտտինի (ծանօթ` իբրեւ սէյիտ Պատրէտտին Զուլֆիքար) սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն բարձր գնահատեց նահատակ պատասխանատուին արժանիքներն ու խիզախութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանանի պարզած ներկայ իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանան վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի:
«Հարց չէ, եթէ Հըզպալլայի զէնքին շուրջ տարակարծիք մնանք, այնքան ատեն որ այդ զէնքին հետ համերաշխութիւն կայ 2005-էն ի վեր, յատկապէս անոնք, որոնք հինէն ի վեր իշխանութեան մէջ են: Կը հաւատամ, որ անոնք տակաւին տարի մը կամ երկու տարի կրնան այդ զէնքին հետ համերաշխութեամբ ապրիլ: Իսկ անդին կայ մնայուն մարտահրաւէրը, որուն անունն է հաց, ելեկտրականութիւն եւ այլ հարցեր: Այս բոլոր հարցերը գործակցութեան կարիք ունին, եւ այդ պատճառով պէտք է կատարեալ արագութեամբ կառավարութիւն կազմել եւ բացուիլ Արեւելքին ու Արեւմուտքին` առանց ենթարկուելու ամերիկեան ցասումին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթն ու կազը արտահանելու, յատկապէս հարաւային Լիբանանի թիւ 8, թիւ 9 եւ թիւ 10 նաւթահորերէն, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է հիմնել արդար եւ հզօր պետութիւն` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը տապալած է 17 մայիսի համաձայնագիրը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հզօր պետութիւն մը ունենալու եւ երկիրը պաշտպանելու համար պէտք է ունենալ հզօր իշխանութիւն, որ քաջ է, ունի կամք, տեսլական, ռազմավարական միտք, ազատ որոշում, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն ենթարկուելու փոխարէն ազգային շահերը գերադասելու վճռակամութիւն:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն կողմէ իսրայէլեան գործակալներու ցանցերու հետապնդումին շարունակութիւնը:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն: