Բարձր հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ գլխաւորութեամբ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ աւ. Քհնյ. Լագիսեանի օրերս Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որու աւարտին ալ տեղի ունեցած է ջրօրհնէք եւ Խաչքարի օրհնութեան հոգեպարար արարղութիւն։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Երեքշաբթի, 6 Յունուարին, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան, որուն կնքահայրն էր Ռաֆայէլ Եսայեան՝ որդի տէր եւ տիկ. Պետրոս եւ Լիզա Եսայեաններու։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան՝ Վենեզուելայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ, եւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Ներսէսեան՝ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) պատուակալ հովիւ։
Ջրօրհնէքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց խաչքար մը, զոր Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. նուիրած է Մայր Եկեղեցւոյ ի յիշատակ Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Աշճեանի։ Օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի քրոջ՝ Հռիփ Աշճեանի, եւ ընտանեկան պարագաներու ներկայութեան։ Տէր Հայրը, ոգեկոչելով Մեսրոպ Սրբազանի յիշատակը, յայտնեց, թէ որոշած էր նուէրը կատարել Մայր Եկեղեցւոյ, որովհետեւ հոն էր, ուր քահանայ ձեռնադրուած էր հանգուցեալ Սրբազան Հօր կողմէ։ Խաչքարը՝ գեղեցկօրէն փորագրուած փայտի վրայ, պիտի տեղադրուի եկեղեցւոյ մէջ, Սբ. Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած կողմնակի խորանին եւ աւանդատան դրան միջեւ։
