image

Ջրականի մէջ յայտնաբերուած է 7 զինուորի աճիւն

Ջրականի մէջ յայտնաբերուած է 7 զինուորի աճիւն

Ջրականի շրջանին մէջ Արցախի փրկարարները որոնումներու ընթացքին յայտնաբերած են 7 աճիւն: 2 աճիւն ալ հայկական կողմին՝ ենթադրաբար Թալիշի ուղղութենէն, փոխանցած են ատրպէյճանցիները: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի ԱԻՊԾ-էն:

Հայ զինծառայողներու ինքնութիւնը պարզելու համար կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

2020 թուականի 13 նոյեմբերէն առ այսօր, Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարար ջոկատներու կողմէ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած կամ Ատրպէյճանի կողմէ փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1539 է: