image

Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է Պաղեստինին 10 միլիոն եւրոյի չափով օգնութիւն յատկացնելու մասին

Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է Պաղեստինին 10 միլիոն եւրոյի չափով օգնութիւն յատկացնելու մասին

Իտալիան 10 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Պաղեստինի խաղաղ բնակչութեան կարիքներուն համար:

Ինչպէս նշած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ փոխվարչապետ Անթոնիօ Թայանին, սա երկրորդ նիւթական փաթեթն է 2023 թուականի դեկտեմբերին յատկացուած նմանատիպ գումարէն ետք:

«Այդ միջոցները պիտի օգտագործուին Կազայի հատուածի հիմնական առողջապահական եւ պարէնային կարիքները հոգալու, ինչպէս նաեւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի իտալական կազմակերպութիւններու նոր նախագիծերու ֆինանսաւորման համար»,-ըսած է նախարարը։

Ան նաեւ նշած է, որ խիստ վերահսկողութիւն պիտի իրականացուի, որ այդ գումարները չյայտնուին «սխալ ձեռքերու մէջ»։