image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլը Թուրքիոյ դէմ երբեք ոչ մէկ ծրագիր ունեցած է. Իսրայէլի նախագահ

Իսրայէլը Թուրքիոյ դէմ երբեք ոչ մէկ ծրագիր ունեցած է. Իսրայէլի նախագահ

Իսրայէլի նախագահ Իսահաք Հերցոկն անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահի վերջին յայտարարութիւններուն:

Այս մասին հաղորդած է Ermenihaber.am-ը:

Ան «Խոշոր ամերիկեան-հրէական կազմակերպութիւններու նախագահներու համաժողով»ի ընթացքին, որ կայացած է Երուսաղէմի մէջ, ըսած է.

«Ես տեսայ Թուրքիոյ ղեկավարի որոշակի մեկնաբանութիւնները, այսպէս կոչուած, Թուրքիոյ դէմ Իսրայէլի ծրագրերու մասին: Կ՚ուզեմ բացայայտ կերպով նշել, որ Իսրայէլը Թուրքիոյ դէմ, երբեք, ոչ մէկ պլան ծրագիր ունեցած է»:

Հերցոկը, շարունակելով խօսքը, պնդած է, որ իրենք Թուրքիոյ ժողովուրդի նկատմամբ մեծ յարգանք ունին եւ այդ փոխադարձ է:

«Մենք մեր ժողովուրդներու միջեւ երկար ժամանակ շարունակուող յարաբերութիւններ ունինք: Մեր ժողովուրդները կը յաղթահարեն բարեկամութեան եւ միասին ապրելու դէմ բոլոր ձայները»,-աւելցուցած է ան: