image

Իսրայէլը Ճեպալիայի մէջ ցամաքային գործողութիւն սկսած է «Համաս»ի դէմ

Իսրայէլը Ճեպալիայի մէջ ցամաքային գործողութիւն սկսած է «Համաս»ի դէմ

Իսրայէլի զինուորականները Կազայի հիւսիսը գտնուող Ճեպալիայի մէջ գործողութիւն սկսած են «Համաս»-ի դէմ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակն աւելի վաղ յայտնած էր, որ հետախուզական տեղեկութիւն ստացած է զինեալներու ներկայութեան եւ այդ շրջանին մէջ խմբաւորման ենթակառուցուածքու վերականգնման մասին:

Նախքան ցամաքային գործողութիւն սկսիլը՝ կործանիչները հարուածներ հասցուցած են «Համաս»-ի տասնեակ թիրախներուն: Կը հաղորդուի, որ սպանուած է քանի մը զինեալ:

Մարտերը կը շարունակուին նաեւ Ռաֆահի մէջ, ուր, ըստ Իսրայէլի բանակի, իսրայէլցի զինուորականները յայտնաբերած ու ոչնչացուցած են քանի մը փապուղային հանք եւ հրթիռային կայանքներ, որոնք կը պատրաստէին յարձակում Իսրայէլի վրայ: Մօտ 300 հազար պաղեստինցի արդէն լքած է Ռաֆահը, որ կը գտնուի Եգիպտոսի հետ սահմանին։ Բախումներ զինեալներու հետ տեղի կ՚ունենան նաեւ Կազա քաղաքի Զէյթուն շրջանին մէջ։