image

Իսրայէլը պիտի չհարուածէ Իրանի միջուկային կառոյցները. Washington Post

Իսրայէլը պիտի չհարուածէ Իրանի միջուկային կառոյցները. Washington Post

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին տեղեկացուցած է, որ պիտի հարուածէ Իրանի ռազմական, եւ ոչ թէ նաւթային կամ միջուկային կառոյցները՝ գրած է Washington Post-ը։

Ըստ պարբերականի՝ Իսրայէլի կողմէ աւելի սահմանափակ պատասխան հարուածը ուղղուած է լայնածաւալ պատերազմի կանխման։

Վերլուծաբանները մտավախութիւն ունէին, որ յարձակումը իրանեան նաւթային կառոյցներու վրայ կրնայ առաջացնել աշխարհի մէջ ուժանիւթը տեղափոխող միջոցներու գնաճ, իսկ միջուկային կառոյցներու վրայ յարձակումը՝ հրահրել հետագայ մագլցում եւ Միացեալ Նահանգները ներքաշել հակամարտութեան մէջ՝ նշած է  Washington Post-ը։

Պայտընն աւելի վաղ Իսրայէլին կոչ ըրած էր «մտածելու այլ տարբերակներու մասին»։

Washington Post-ի Ուաշինկթընի աղբիւրը յայտնած է, որ Իսրայէլի հարուածն Իրանին նախատեսուած է նոյեմբեր 5-ին նշանակուած Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութենէն առաջ։ Եթէ ​​Իսրայէլը չպատասխանէ իր տարածքի զանգուածային հրթիռակոծման, Թեհրանը այդ կրնայ մեկնաբանել որպէս թուլութեան նշան, գրած է թերթը։

Բացի այդ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութիւններէ ետք Իսրայէլը յայտարարած է, որ գործողութիւնները Լիբանանի մէջ պիտի դադրեցնէ «յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքում»՝ հաղորդած է պարբերականը։