ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ երկար սպասուած հրադադարը տեսադաշտի մէջ է: Էնթընի Պլինքընի խօսքով՝ բանակցողներն աշխուժօրէն կ՚աշխատին այդ ուղղութեամբ:
«Կան որոշ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին, կը զբաղինք այդ հարցով»,- շեշտած է դիւանագէտը:
Ան աւելցուցած է, որ ուշադրութեան կեդրոնը «Համաս»-ի գերեվարած անձանց վերադարձի հարցն է:
«Մենք, ի հարկէ, կ՚ուզենք, որ կողմերը գան համաձայնութեան: Սակայն կարեւոր է նաեւ յստակ ծրագիր ունենալ, թէ ինչ պէտք է կատարուի հրադադարէն ետք: Չենք կրնար թոյլ տալ, որ «Համաս»-ը վերադառնայ, իսկ Իսրայէլը շարունակէ Կազայի բռնագրաւումը»,- շեշտած է Պլինքըն: